Աւագ Հինգշաբթիի Ոտնլուայի եւ Խաւարման Գիշերուան Արարողութիւնները


Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կ’իմաստաւորուի Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերուն կապուած խորհուրդով մը, իսկ Աւագ Հինգշաբթին կը ներկայանայ բազմաթիւ խոհուրդներով, որոնք ունին յիշատակելի պատգամներ:

Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն, տեղի կ’ունենայ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, հաւատացեալները կը ստանան Ս. Հաղորդութիւն, իբրեւ խորհրդանիշ եւ յիշատակ՝ աշակերտներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին եւ Ս. Պատարագի խորհուրդին հաստատման: Այս արարողութիւնը պատգամ մըն է, թէ քրիստոնեայ հաւատացեալը փրկութիւն կը ստանայ մեղքերու խոստովանութեամբ եւ հաղորդուելով: Նոյն երեկոյեան, մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենայ Ոտնլուայի արարողութիւնը, իբրեւ յիշատակում՝ աշակերտներուն ոտքերը լուալու Քրիստոսի արարքին, որ պատուիրան մըն է խոնարհութեան, ծառայութեան եւ մեր նմաններուն օգտակար ըլլալու, ու տակաւին՝ խորհրդանիշ մը մարդուն հանդէպ մեր Տիրոջ սիրոյն, որուն գերագոյն արտայայտութիւնը եղաւ խաչին վրայ իր զոհագործումով: Աւագ Հինգշաբթին իր լրումին կը հասնի Խաւարման գիշերուայ արարողութեամբ, որուն ընթացքին կը յիշատակուին Յիսուսի մատնութիւնը, ձերբակալումը, դատավարութիւնը եւ չարչարանքները: Այս արարողութեան ընթացքին, կը կարդացուին Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին դէպքերը նկարագրող աւետարանական հատուածները, խորանին դրուած 12 մոմերը կարգով կը մարին, վառ պահելով միայն մէկը, իբրեւ խորհրդանիշ՝ աշխարհի լոյս Քրիստոսին:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։ Իր քարոզին մէջ, Սրբազան հայրը ներկայացուց հրէական զատկական տօնախմբութեան մթնոլորտը, որ կը յիշատակէ հրեայ ժողովուրդին Եգիպտոսէն ելքը՝ զոհուած գառնուկի արեան նշանով։ Ապա խօսելով Քրիստոսի անսահման սիրոյն մասին՝ անդրադարձաւ, թէ Քրիստոս, գիտնալով որ խաչին վրայ պիտի մահանայ, իբրեւ “Գառն Աստուծոյ” իր արիւնը պիտի թափէ մեր Փրկութեան համար, եւ որպէս գերագոյն սիրոյ եւ խոնարհութեան արտայայտութիւն, վերջին ընթրիքի պահուն աշակերտներուն ոտքերը լուաց եւ գործնապէս պատգամ մը տուաւ, որպէսզի փոխադարձաբար իրարու սպասարկեն եւ ըլլան համեստ ու խոնարհ. անիկա նաեւ խոնարհութեան կոչ մըն է իւրաքանչիւրիս, մանաւանդ՝ սիրոյ հրաւէր մը, որովհետեւ առանց սիրոյ, կեանքը անիմաստ կը մնայ։ “Հետեւաբար, եկէք, բոլորս միասնաբար, սիրով ներշնչուած ու անկէ մղուած, Քրիստոսի օրինակով ծառայենք մեր նմաններուն”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ նախագահեց Խաւարման գիշերի արարողութեան։ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յիշեցուց, թէ Քրիստոս, որպէս գերագոյն սիրոյ արտայայտութիւն, չբաւարարուեցաւ միայն մարդկութեան մեղքերը կրելով եւ զանոնք իր արիւնով խաչին վրայ քաւելով, այլ նոյնիսկ խաչին վրայ եղած պահուն ներեց բոլոր անոնց՝ որոնք զինք ձերբակալեցին, չարչարեցին, ծաղրեցին, հարուածեցին եւ խաչը հանեցին։ Իր քարոզին որպէս բնաբան ունենալով խաչեալ Քրիստոսի արտասանած վերջին եօթը խօսքերը, անոնցմէ վերջինը նշելով՝ “Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ’աւանդեմ հոգիս” (Ղկ. 23։46), Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները ընդունելու Քրիստոսի հրաւէրը, եւ խոստանալու Իրմով վերանորոգ կեանք մը ապրիլ, խաչը կրելով մեր սրտերուն մէջ։ “Այնպէս ինչպէս Քրիստոս ինքզինք Հօրը կամքին յանձնած էր, եկէք, նոյնպէս ալ մենք մեր անձերը յանձնենք Անոր հրաշագործ ու գամուած ձեռքերուն մէջ։ Եկէ՛ք, այսօր ուխտենք Քրիստոսի զոհաբերութիւնը գնահատել մեր կեանքով, մեր հաւատքը գործնականապէս արտայայտելով, Քրիստոսի ընդմէջէն մեր նմանները նոյն սիրով սիրելու եւ անոնց ծառայելու Խաչեալին օրինակով։ Եկէ՛ք, միասնաբար ապրինք խաչելութեան շունչով եւ մեր հոգիներուն մէջ լսենք Քրիստոսի վերջին խօսքերը”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ “Խաչի քո Քրիստոս երկիրպագանեմք…” փառաբանական շարականին երգեցողութեամբ, եզրակացուց իր պատգամը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022