ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԵՒ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Երեքշաբթի, 10 Փետրուարին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանային տօնին առթիւ, Թեմիս հոգեւորականաց համագումար տեղի պիտի ունենայ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, պիտի կատարուի Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, ապա հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պաշտօնավարած ննջեցեալ հոգեւորականներու հոգւոց խաղաղութեան համար։
Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ կից սրահէն ներս, տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար եկեղեցական արարողութեանց եւ հաղորդուելու Ս. Ղեւոնդեանց քաջամարտիկ Քահանայից ոգիով եւ մեզի կտակած պատգամով։
***
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Հինգշաբթի, 12 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առթիւ, տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան Ժամերգութիւն Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։
Իսկ երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։
Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։
Արարողութեանց աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր։
***
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՐՈՅԿ
Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Քառասնօրեայ Տաճար Ընծայման տօնին նախօրեակին, Ուրբաթ, 13 Փետրուարին, Թեմիս եկեղեցիներէն ներս Տեառնընդառաջի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութեան աւարտին, մայրեր առիթը պիտի ունենան իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները Ս. խորան մօտեցնելու, որպէսզի քահանայ հայրերու կողմէ մանուկ Յիսուսի օրինակով ընծայուին Ս. Խորանին, Քրիստոսի “Լոյսը” ստանալու եւ երկնային շնորհքներու արժանանալու։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ս. Խորանէն բերուած Լոյս-Քրիստոսը խորհրդանշող մոմով Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռքով պիտի բոցավառի աւանդական խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէս, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խմբակներուն։
Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներ եւ սկաուտներ, “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ պիտի համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
***