Շաբաթական Լուրեր – 2 Յունուար 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 4 Յունուարի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան։ Յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի նորոգ հանգուցեալ հայրենի վաստակաւոր պետական ու հանրային գործիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննէսեանի հոգւոյն համար, որ մահկանացուն կնքեց 28 Դեկտեմբեր 2014ին։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի արտասանէ յիշատակի խօսք, գնահատելով անոր ծառայութիւնները։

Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հաւաք, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէին։

***

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակին, 4 Յունուար 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 6րդ տարեդարձին առիթով Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ։ Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 13050 Vanowen Street, North Hollywood (St. Paul Assyrian Chaldean Catholic Church)։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ժողովրդային հաւաքոյթ: Կիրակնօրեայ Վարժարանիի աշակերտները պիտի ներկայացնեն գեղեցիկ ու պատշաճ յայտագիր մը:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022