Շաբաթական Լուրեր – 29 Յունուար 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

PasadenaChurchԿիրակի, 31 Յունուար 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանայ եւ պիտի քարոզէ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։

*** Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

VartanantsՀինգշաբթի, 4 Փետրուարի երեկոյեան, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն, «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նահատակաց Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնը պիտի նշուի Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան: Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւորականաց դասու անդամները պիտի երգեն Աւարայրի ճակատամարտին եւ Ս. Վարդանանց նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր: Արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:30ին:

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին եւ հաղորդուելու քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան համար մեր պատմութեան առաջին մեծ պատերազմի խորհուրդին:

***

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

CatholicMass2Անցեալ շաբաթավերջին, կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած երկու յիշատակելի արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերին Թեմիս հոգեւոր հայրեր, իբրեւ ներկայացուցիչ Առաջնորդ Սրբազանին:

Ուրբաթ, 22 Յունուարին, նախագահութեամբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Կոմէզի, Մարոնիներու Our Lady of Mount Lebanon – St. Peter Cathedral-ին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, Լիբանանի այս համայնքի Ս. Շարպէլին սրբադասման 50րդ տարեդարձին առիթով: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ եղան արարողութեան:

Իսկ Շաբաթ, 23 Յունուարին, նմանապէս Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզի նախագահութեամբ, Լոս Անճելըսի Our Lady of the Angels տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական արարողութիւն մը, նուիրուած՝ արհեստական վիժումի հետեւանքով կորսուած կեանքերուն: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղան արարողութեան:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022