Շաբաթական Լուրեր – 15 Յուլիս 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

AnteliasԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին առաքելութեամբ կը մեկնի Պէյրութ:

Անթիլիասի մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում պիտի ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողկիոսին հետ, խորհրդակցելու համար Նորին Սրբութեան մեր Թեմը կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան կարգ մը մանրամասնութեանց մասին:

Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը իր այցելութեամբ մեր Թեմը պիտի պատուէ յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբերին, նախագահելով իր գահակալութեան 20ամեակին առիթով հանդիսութեանց եւ արարողութեանց։

Նշենք, որ այս շաբաթավերջին, Կաթողիկոսարանի յարկին տակ տեղի կ’ունենայ համաթեմական երիտասարդական համագումար մը, որուն մեր Թեմէն կը մասնակցի Օր. Զապէլ Կիրակոսեան: Համագումարին զեկոյցներ կը ներկայացուին թեմերու մէջ երիտասարդական աշխատանքներու մասին, նաեւ կը մշակուին գործակցութեան ուղիներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022