ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 21ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
– ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՔՈԼՈՐԱՏՈՅԻ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 21րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 26 Յունիս 2016ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Քոլորատօ ծխական համայնքին։ Կիրակի, 26 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենայ Հոգաբարձութեան անդամներուն հետ։
Կը հրաւիրենք Քոլորատոյի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հաւատացեալները ներկայ ըլլալու արարողութեան, լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը եւ աղօթք բարձրացնելու Վեհափառ Հօր քաջառողջութեան ու արեւշատութեան համար։
***
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 41ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ ՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ
Յառաջիկայ շաբաթավերջին, Birmingham High School-ի համալիրին մէջ տեղի ունենան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 41րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը։ Այս տարուան պատուոյ նախագահն է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Տէր եւ Տիկին Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեան ամոլը, իսկ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի պատիւը շնորհուած է բազմամեայ անդամ Գրիգոր Մկըրեանի:
Առաջնորդ Սրբազանը Ուրբաթ, 1 Յուլիսին այցելութիւններ պիտի տայ կրպակները, իսկ Կիրակի, 3 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, ներկայ պիտի ըլլայ փակման հանդիսութեան ու տողանցքին, ուր պիտի փոխանցէ իր պատգամն ու օրհնութիւնները։
Շաբաթ, 25 Յունիսի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի ըլլայ Յաղթանակի Պարահանդէսին ու պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքն ու բարեմաղթութիւնները։
***