ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ «ԿԱՐՕ ԵՒ ԱԼԻՍ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Առաջնորդ Սրբազանը այս շաբաթավերջին կը մեկնի Ֆրեզնօ, ուր Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ի երեկոյեան պիտի նախագահէ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» մշակութային վերանորոգուած կեդրոնի բացման արարողութեան: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ կեդրոնի օրհնութիւնը եւ փոխանցէ իր շնորհաւորական խօսքը։