Շաբաթական Լուրեր – 4 Մարտ 2016

OrangeCountyChurchՄեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 5 Մարտ 2016ը տօնն է Ս. Քառասնից Մանկանց, քրիստոնէութեան համար իրենց կեանքը զոհած 40 հաւատարիմ զինուորներուն։ Այս առիթով, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին կը տօնէ իր անուանակոչութեան օրը։

Կիրակի, 6 Մարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեանց եւ հաղորդուելու Ս. Քառասնից Մանկանց խորհուրդով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022