Շաբաթական Լուրեր – 6 Մարտ 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 8 Մարտ 2015ը Մեծ Պահոց շրջանի չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

Ս. Պատարագէն ետք, ժամը 1-ին, շրջանի ՀՕՄ-ի “Մայր” մասնաճիւղի կազմակերպած Միջինքի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտի “Գաւառ” ճաշարանին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աu. Քհնյ. Վասիլեանի, ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին եւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը պիտի ուղղէ մասնակիցներուն:

***

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 11 Մարտին, Մեծ Պահոց Միջինքի օրը, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Արեւագալի արարողութեան։ Աւարտին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, “Բաղրամեան” սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ներկայ պիտի ըլլան ժամերգութեան եւ ճաշկերոյթին։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022