ԱԶԳ. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 43ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Ուրբաթ, 1 Մայիս 2015ի յէտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ նստաշրջանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ հիւրընկալութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Երկօրեայ ժողովին կը մասնակցին Թեմիս հոգեւոր հովիւները, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամները, Երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեանց ատենապետներ, տնօրէններ եւ վարիչներ, եւ Խնամակալ Մարմնի ու CASPSի անդամներ։ Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 13 Մայիսը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող հինգերորդ Կիրակին է, տօն Երեւման Ս.
buy zovirax online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/zovirax.html no prescription
Խաչին։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ եկեղեցւոյ կողքին կանգնած՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու նոր յուշակոթողի քողազերծման եւ օրհնութեան արարողութեան:
***
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, յառաջիկայ Մայիսի 7, 8, եւ 9 օրերուն, պատմական հանգրուան մը պիտի արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն. Վ. Սերժ Սարգսեան, անձամբ պիտի նախագահեն յիշատակի արարողութեանց եւ մշակութային ձեռնարկներու:
Նախատեսուած են հետեւեալ արարողութիւններն ու ձեռնարկները.- Էքիւմենիք արարողութիւն, National Cathedral-ին մէջ, երաժշտական համերգ՝ The Music Center at Strathmore-ի մէջ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ National Shrine of the Immaculate Conception տաճարին մէջ, եւ ճաշկերոյթ-ընդունելութիւն Marriott Marquis պանդոկին մէջ:
Արեւմտեան մեր Թեմը եւս մասնակից պիտի ըլլայ ոգեկոչման պատմական ձեռնարկներուն, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն Ազգային Վարչութեան անդամներ, բարերարներ եւ ազգայիններ:
***
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԸՐՊԷՆՔԻ “ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ” ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Պըրպէնքի “Փրովիտընս” երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած արարողութիւն մը, որուն Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով մասնակցեցաւ Բարշ. Սուրէն Սրկ. Հազարեան: Արարողութեան կը մասնակցէին մէկէ աւելի կրօններու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:
Արարողութեան ընթացքին, արտասանուեցան հայերէն աղօթքներ եւ երգուեցան երգեր. վարժարանին վարչական պատասխանատուները եւ հայ աշակերտներ իրենց խօսքերուն մէջ անդրադարձան 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան եւ պատմեցին ընտանեկան պատմութիւններ, շեշտելով պատմական իրականութեանց համաշխարհային ճանաչման կարեւորութիւնը:
Աղօթքի պահը վերջ գտաւ վարժարանի հոգեւոր մատակարար Նիքոլա Էսթրատայի աղօթքով, աղօթակցութեամբ Սուրէն Սարկաւագի, Րաբբի Տեպրա Սիլվըրի եւ Քոյր Ճոլին Սանթիակոյի:
***