Շաբաթական Լուրեր – 2 Հոկտեմբեր 2015

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30ՐԴ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 10ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

PasadenaChurchՓասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցին այս շաբաթավերջին պիտի տօնէ ծխական համայնքի հիմնադրութեան 30րդ, եւ եկեղեցւոյ օծման 10րդ տարեդարձերը:

Կրկնակիօրէն տօնական այս հանգրուանին, Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: Նախօրեակին, Շաբաթ, 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան, The Great Caesar Banquet Hall սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ճաշկերոյթ, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլին:

***

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՐԵՔ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Holy-TranslatorsՄեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, յառաջիկայ Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերին, պիտի նշուի Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը: Այս առիթով, 5էն 9 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ հոգեւորականաց միացեալ համագումար, գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան ու Քանատայի Թեմերու Առաջնորդներուն եւ մասնակցութեամբ երեք Թեմերու հոգեւորականաց դասու անդամներու։

Ծանօթ է, որ հոգեւորականաց միացեալ համագումարը երկու տարին անգամ մը տեղի կ’ունենար Ս. Ղեւոնդեանց տօնին: Թեմակալ Առաջնորդներուն տնօրինութեամբ, այսուհետեւ միացեալ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Թարգմանչաց տօնին առիթով, եւ այս տարուան հանդիպումը՝ Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ յարկին տակ, հիւրընկալութեամբ Արեւելեան Թեմին, եւ «Վերանորոգեալ Յանձնառութիւն՝ Նահատակներու Կտակով» նշանաբանով։

Նախատեսուած են առաւօտեան եւ երեկոյեան աղօթքի պահեր, հոգեւոր սերտողութիւններ, դասախօսութիւններ, կլոր սեղաններու շուրջ քննարկումներ, Ս. Պատարագ եւ մշակութային ձեռնարկներ: Հոգեւոր հայրերը նաեւ այցելութիւններ պիտի տան քաղաքի հայկական հաստատութիւններուն:

*** ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

EncinoChurchՍ. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախատօնակի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, որոնք նոր վերադարձած պիտի ըլլան Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարէն: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ուղղէ Թարգմանչաց տօնի իր պատգամը:

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլաու արարողութեան եւ հաղորդուելու Թարգմանիչ Հայրերու գործէն բխած պատգամով:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022