Շաբաթական Լուրեր – 11 Սեպտեմբեր 2015

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Cross-with-BasilՀայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այս Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, Վերացման Ս. Խաչի տաղաւար տօնը պիտի նշէ, որ միաժամանակ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան օրն է։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի պիտի ունենայ ռեհանի եւ մատաղի օրհնութիւն եւ հաւաքական սիրոյ ճաշ, «Բաղրամեան» սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

Նշենք թէ Խաչվերացի տօնը մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու արձանագրութեան եւ վերամուտի օրն է։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ պիտի ըլլան Ս. Պատարագի ու Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան, նոր տարեշրջանը աղօթքով ու Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ սկսելու համար։

Նոյն օրը, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Civic Auditorium-ին մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՐԵՔ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

11986537_946626832045988_1780464076966652727_nԸնդառաջելով Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հոզէ Կոմէզ Արքեպիսկոպոսի հրաւէրին, Առաջնորդ Սրբազանը Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Our Lady of the Angels տաճարին մէջ ներկայ եղաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան մը: Ձեռնադրութեան արժանացան երեք հոգեւորականներ՝ Ռապըրթ Պարըն, Ճոզըֆ Պրենըն եւ Տէյվիտ Օքանըլ: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Կոմէզ Արքեպիսկոպոսը եւ ձեռնադրեալները:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022