ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2015-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու արարողութեան եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին։
***
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24րդ տարեդարձին նուիրուած ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Hilton Grand Ballroom-ի մէջ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս մեծարգոյ Տիար Սերգէյ Սարգիսովի։
Ընդառաջելով յատուկ հրաւէրի, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները ներկայ հայորդիներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան։
***