Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԵՐԱՍՏԻՃԱՆԻՆ
– ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՇՔԱԽՈՒՄԲԻՆ
Շաբաթ, 6 Սեպտեմբերին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթըն պիտի ժամանէ, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու պատմական գերաստիճանի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մայրաքաղաքին մէջ, իբրեւ ընդհանուր խորագիր ունենալով “Պաշտպանել ու պահպանել Քրիստոնէութիւնը հոն՝ ուրկէ սկիզբ առաւ” նշանաբանը: Գերաստիճանը նախաձեռնութիւնն է “Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան”, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ի մի կը բերէ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական վեց եկեղեցիներու հոգեւոր գերագոյն առաջնորդները:
Ուաշինկթընի գերաստիճանին, Վեհափառ Հայրապետին շքախումբին մաս պիտի կազմեն Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միացեալ Նահանգներու Պեթեստայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Աքթաւուքեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Տրդատ Մանկիկեան:
Երկուշաբթի երեկոյ, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ պիտի ըլլայ հոգեւոր պետերուն ի պատիւ ընթրիքի մը, հիւրընկալութեաբ Լիբանանի Դեսպան Տիար Անթուան Շետիտի: Գերաստիճանը պիտի սկսի Երեքշաբթի օր ու պիտի տեւէ մինչեւ Հինգշաբթի: Ուրբաթ օր, Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Հայաստանի դեսպանատունը եւ հանդիպում պիտի ունենայ նոր նշանակեալ Դեսպանին՝ Տիար Տիգրան Սարգսեանի հետ: Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը:
***
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Իրաքահայ հոգեւորականներու եւ եկեղեցաշէն բարերարներու յիշատակին։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ Դաստիարակչական Յանձնախումբի կազմակերպած ամսական դասախօսական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ. պիտի ներկայացուի “Իրաքի Հայկական Եկեղեցիներու Պատմութիւնը”։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ ձեռնարկին ու պիտի արտասանէ փակման խօսքը։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱԿԵՐՏ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
Այս յէտմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը Ֆրեզնօ մեկնեցաւ ուր պիտի նախագահէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ նորակերտ շրջափակին բացման արարողութեան ու պիտի կատարէ հոն կանգնած նոր խաչքարին օրհնութիւնը։ Այս նոր բաժինը ձօնուած է եկեղեցւոյ շէնքի 100ամեակին, որ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը այս տարի յատուկ կարեւորութեամբ պիտի նշէ:
Առաջոնրդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանայ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։ Ներկայ պիտի ըլլայ Ազգ. Վարչութեան անդամ Մարք Սրկ. Շիրին։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ նոր բաժինին բացումը՝ յատուկ արարողութեամբ եւ ժապաւէնի հատումով, ապա պիտի կատարէ խաչքարին օրհնութիւնը: Արարողութեան աւարտին, վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական ձեռնարկ մը:
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԻՒՄՐԻԻ Ի ՆՊԱՍՏ “ՀԱՅԱՍՏԱՆ” ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ
Կիրակի, 7 Սեպտեմբերի երեկոյեան, “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամը կազմակերպած է Գիւմրիի չքաւոր ընտանիքիներու ի նպաստ պատկերասփիւռային հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որ պիտի իրականացուի գործակցութեամբ պատկերասփիւռի ARTN-ՇԱՆԹ կայանին:
Թելեթոնին հասոյթը պիտի տրամադրուի Գիւմրիի բնակիչներէն թշուառութեան մատնուած 20 ընտանիքներու, որոնք կը կարօտին բնակարանի, նիւթական օժանդակութեան եւ կրթանպաստի: 1988ի երկրաշարժէն ի վեր, անոնք կը բնակին առժամեայ “տոմիկ”ներու մէջ ՝ (մետաղեայ շարժական տնակներ):
Թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 5էն 10: Առաջնորդ Սրբազանը խօսք պիտի առնէ ժամը 5:30ին եւ կոչ պիտի ուղղէ մասնակցութիւն բերելու այս նուիրական գործին:
***