Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք կրթանպաստի 2016-2017 տարեշրջանի համար դիմում ներկայացուցած մեծաթիւ ուսանողներու դիմումնագրերը, որոշեց ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրել հինգ ուսանողներու, նկատի ունենալով անոնց ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները, գաղութային ծառայութիւններն ու ընտանեկան պայմանները։
Յանձախումբին մաս կը կազմեն՝ Տիկին Թամարա Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։
Կրթանպաստ ստացած ուսանողներն են Արամ Մանուկեան (UCLA), Ռաքէլ Անահիտ Մինասեան (Providence College), Ռոզալի Մինասեան (University of Toronto), Մարիամ Մնացականեան (USC), Մելոտի Նազարբէկեան (UCSD):
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն իրենց ուսումնական ասպարէզին մէջ։