Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք 2017-2018 տարեշրջանի համար կրթանպաստի դիմում ներկայացուցած ուսանողներու դիմումնագրերը, որոշեց կրթանպաստ տրամադրել հինգ ուսանողներու, որոնք կը հետեւին գիտական մասնագիտութեանց Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ եւ ունին գաղութային ծառայութիւն։
Յանձախումբին անդամներն են Տիկին Թամարա Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր.
buy aurogra online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/aurogra.html no prescription
Շաքէ Պօղարեան։
Կրթանպաստ ստացած ուսանողներն են Լեւոն Բարսեղեան, (UC Berkeley), Պօղոս Թասլաքճեան (Purdue University), Կորիւն Կելոյեան (UC San Diego), Գրիգոր Միխանճեան (CSU Fullerton) եւ Հուրի Լոռի Մինոյեան (Boston University):
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն իրենց ուսումնական ասպարէզին մէջ։