Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Կազմակերպութեամբ՝ Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը։ Դասախօսն է Տոքթ. Այտա Ռշտունի-Ճուհարեան, որ պիտի ներկայացնէ «Սնունդի եւ մարզանքի գործօնները մարդու առողջ եւ ներդաշնակ ապրելակերպին վրայ» նիւթը։ Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը, կատարողութեամբ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտներուն։

Տեղ ապահովելու համար հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան, 818-248-7737 թիւին կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն։ Մուտքի նուէրն է $25։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022