Արեւմտեան Թեմը Կը Գուժէ Արուեստագէտ ու Ժողովրդական Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի Մահը

Այսու մեր ժողովուրդին կը գուժենք, որ Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր, 2019-ին, իր մահկանցուն կնքեց արուեստագէտ եւ ժողովրդական երգիչ Ատիս Հարմանտեանը։

Արդարեւ, Ատիս Հարմանտեանը իր հմայիչ ձայնով մեկնաբանած է բազմաթիւ երգեր՝ հայ լեզուն, երգն ու մշակոյթը հրամցնելով մեր ժողովուրդին։ Ան ո՛չ միայն հայ երաժշտութեան նոր երանգ տուաւ, այլեւ բազմարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով հայ ժողովրդական երգը տասնամեակներ շարունակ լսելի դարձուց հայ ընտանիքէն ներս։

Նշենք, որ 2005-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած էր Ատիս Հարմանտեանը, իսկ 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը շնորհած էր անոր։

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ արուեստագէտ գործընկերներուն։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Հոլիվուտի Հիլզի «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022