Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը Առաջնորդ Սրբազանին Յանձնեց “2014ի Մարդասիրական Իրագործումներու Պարգեւ”ը


Իր հիմնադրութեան 15րդ տարեդարձին առիթով, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը Կիրակի, 10 Օգոստոս 2014ի երեկոյեան կազմակերպած էր հանդիսաւոր ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին պարգեւներու արժանացուց մեր ժողովուրդին ազնիւ ծառայութեան լծուած անձնաւորութիւններ: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, արժանացաւ “2014ի Մարդասիրական Իրագործումներու Պարգեւ”ին:

Հանդիսաւոր ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի “Հիլթըն” պանդոկի սրահին մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պաշտօնական ու ներկայացուցչական անձնաւորութիւններ: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախկին Առաջին Տիկինը՝ Պելլա Քոչարեան, որ այս հիմնարկի հիմնադիրներէն է եւ առաջին նուիրատուն: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ:

Յուշանուէրը ստանալուն առիթով իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, թէ այս պարգեւը կþընդունի յանուն Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, եւ գոհունակութիւն յայտնեց ազգային մեր հաստատութեան ծառայութեանց նկատմամբ այս ճանաչումին համար: “Իբրեւ քրիստոնեաներ, բարեսիրական գործը կը նկատենք մեր հիմնական առաքելութիւններէն մէկը: Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեզի նման Աստուծոյ զաւակներուն կարիքներուն նկատմամբ, եթէ կարելիութիւնը ունինք օգնութեան ձեռք երկարելու անոնց”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, շեշտելով, որ իբրեւ զաւակները հայ ժողովուրդին, մենք նաեւ կը պատկանինք հայութեան մեծ ընտանիքին, որ աշխարհատարած է, եւ որուն անդամներուն “ազգանուէր, եկեղեցաշէն ու կրթանուէր ծառայութիւնները սրտամօտ են մեզի: Կը ջանանք աստուածային սէրն ու ողորմածութիւնը տարածել բոլորին, յատկապէս անոնց՝ որոնք կարօտեալ են, առանց ակնկալելու, որ այդ ծառայութեանց համար վարձատրուինք, որովհետեւ գերագոյն պարգեւատրումը կը կատարէ Ինք՝ մեր Տէր: Այսուհանդերձ, խորապէս կը գնահատենք, որ Ազգային Առաջնորդարանիս ծառայութիւնները այսօր յարգանքի կ’արժանանան, եւ մենք խորապէս շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք մասնակից են այս նախաձեռնութեան”, աւելցուց ան:

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկն ու անոր բոլոր անձնդիր ծառայողները, գլխաւորութեամբ անոր հիմնադիր նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի, որոնք ահաւասիկ 15 տարիներէ ի վեր յոյս ու դարման կը բաշխեն դժուար բուժելի հիւանդութիւններէ տառապող հայ մանուկներու եւ չափահասներու: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Իր օրհնաբաշխ Ս. Աջը հովանի պահէ Հ. Ո. Հիմնարկին ու անոր նուիրեալ ծառայողներուն աշխատանքի դաշտերուն վրայ, եւ առողջութիւն եւ կեանքի պարգեւը ընծայէ անոնց խնամքը վայելողներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022