Ազգային Առաջնորդարանը այսու կը յայտնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ լոյս ընծայած է «Սուրբ Պատարագ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» հատորը, ի յիշատակ Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամ եւ մեր Թեմի բազմամեայ ծառայողներէն Վահրիճ Փիլաւճեանի:
Հատորը վերահրատարակութիւն մըն է. անիկա առաջին անգամ լոյս տեսած էր 2008ին, մեկենասութեամբ հանգուցեալ Ռոզ Գասիմեանի եւ Տոքթ. Տենիս Գասիմեանի, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Գեղամ Գասիմեանի: Այդ հրատարակութիւնը սպառած ըլլալով, Ազգ. Առաջնորդարանը ձեռնարկեց անոր վերահրատարակութեան, նկատի ունենալով, որ թէ՛ մեր եկեղեցիներուն եւ թէ հաւատացեալներուն կողմէ մշտապէս օգտագործուող գործ մըն է: Արդարեւ, հատորը կազմուած է կողք կողքի չորս սիւնակներով եւ կը բովանդակէ Ս. Պատարագի արարողութեան եւ տօնական օրերուն երգուող երգերուն բառերը՝ գրաբարով, աշխարհաբարով, անգլերէնի տառադարձութեամբ եւ թարգմանութեամբ, որ ընթերցողին մատչելի կը դարձնէ մեր եկեղեցւոյ ամէնէն սրբազան արարողութիւնը: Գիրքը կ’ընդգրկէ նաեւ ներածութիւն եւ բացատրական Ս. Պատարագի եւ յաւելուած բաժին մը՝ շարականներ, մեղեդիներ, սաղմոսներ եւ բառարան։
Ստանալու համար կարելի է դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Թեմիս եկեղեցիներուն գրասենեակները: