Դեսպան Ճոնի Իպրահիմ Հրաժեշտի Այցելութիւն մը Տուաւ Առաջնորդ Սրբազանին

Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ, որ իր կառավարութեան տնօրինումով ստացած է դեսպանի կոչում եւ աստիճան, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հիւր դիւանագէտը Արժանթինի մէջ Լիբանանի դեսպան նշանակուած է ու ի մօտոյ պիտի մեկնի իր նոր պաշտօնավայրը, հետեւաբար, այցելութիւնը հրաժեշտի համար էր։

Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ հիւպատոսարանի խորհրդատու մարմինի անդամներէն ու մեր Թեմի Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամներէն Տիար Վահան Պզտիկեան։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւր դիւանագէտին ներկայութիւնը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի ի նպաստ անոր տարիներու ծառայութեան մասին եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Լոս Անճելըսի մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանին, սերտ բարեկամութիւն հաստատուած է Իպրահիմի, Ազգ. Առաջնորդարանիս ու անձնապէս Առաջնորդ Սրբազանին միջեւ, տակաւին, դեսպան Իպրահիմ սերտօրէն գործակցած է շրջանիս նախկին լիբանանցիներուն հետ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ հետագային։ Տիար Ատենապետը եւս նշեց, որ հիւր դիւանագէտը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ կ’ընդունուի իբրեւ ընտանիքի անդամի, ուրախութիւն յայտնեց, որ ան ստացած է դեսպանի կոչում ու մաղթեց, որ ան իր ասպարէզին մէջ արձանագրէ նոր նուաճումներ։ Տիար Վ. Պզտիկեան, իր կարգին, շնորկալութիւն յայտնելով շնորհաւորեց դեսպանին նոր պաշտօնը եւ նկատել տուաւ, որ Արժանթինի մէջ եւս կայ հայ համայնք, որուն հետ վստահաբար պիտի ստեղծուին ջերմ յարաբերութիւններ։

Հանդիպումը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով, որ ընդգրկեց Լիբանանի հիւպատոսարանին հետ գործակցական յարաբերութիւններն ու Լիբանանի իրավիճակը։ Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն մեր Թեմին, լիբանանցի դիւանագէտին յանձնեց յուշանուէր տախտակ մը, որուն վրայի արձանագրութիւնը արտայայտութիւն մըն է յիշեալ զգացումներուն ու գնահատանքին։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը դեսպան Իպրահիմի յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց իր առաքելութեան յառաջիկայ փուլերուն մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022