Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. “Զաւարեան” Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy amoxicillin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/amoxicillin.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014ի յետմիջօրէին ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. “Զաւարեան” Կոմիտէի (Լա Քրեսենթայի շրջան) նորընտիր կազմի ներկայացուցիչներուն՝ Տեարք Հրայր Շիրիքեանի, Օննիկ Հայրապետեանի եւ Դոկտ. Գարմէն Օհանեանի:

Հիւր ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին պարզեցին Կոմիտէի հանրօգուտ ծրագիրները՝ դաստիարակչական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ: Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Լա Քրեսենթայի հայ համայնքին առնչուող հարցեր եւ անոնց դիմագրաւման մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Կոմիտէին գործունէութիւնը, որոնց շարքին՝ “Զաւարեան Ամառնային Ճամբարը”, դաստիարակչական այլ աշխատանքեր ու պատանեկան ծրագիրներ, յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն եւ վերահաստատեց Ազգային Առաջնորդարանին զօրակցութիւնը ժողովրդանուէր գործունէութեան: Ան այս առիթով նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց հիւր ներկայացուցիչներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022