ՀՕՄ-ի Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնին՝ Տիար Գէորգ Պետիկեանի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 18 Փետրուար 2017ին, վարժարանին աշակերտները, ընկերակցութեամբ ուսուցչական կազմին, օգնական կամաւորներուն ու ծնողներու, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ ատենապետուհի Լիզա Սանթիկեանի եւ անոր գործընկեր Ծաղիկ Քատեանի, այցելութիւն մը տուին Ազգային Առաջնորդարան եւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ու Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:
Աննախընթաց այս այցելութիւնը կը զուգադիպէր Վարդանանց տօնի նախօրեակին: Ուստի վարժարանի աշակերտները իրենց բարի մաղթանքներուն ու սրտի խօսքերուն կողքին, պատրաստած էին Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, երգերով ու արտասանութիւններով:
Բացման իր խօսքին մէջ, տնօրէնը՝ Գէորգ Պետիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ այս գեղեցիկ պատեհութեան համար: Ան ըսաւ, որ «ազգային, մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ անձեր պատուելն ու պարգեւատրելը անհրաժեշտութիւն են, յատկապէս դաստիարակչական հեռանկարով»։ Ապա վեր առնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր տարիներու վաստակը մեր գաղութէն ներս, շնորհաւորեց զինք ու գնահատեց «մեր եկեղեցւոյ արթուն, օրինակելի ու բարի առաջնորդը, որ հայրական գուրգուրանքով եւ համակրանքով, քսան տարիներէ ի վեր իբրեւ հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ մեր գաղութին: Ձեր ներկայութիւնը, Սրբազան Հայր, մեզ առաւել եւս կը գօտեպնդէ ու մեր հաւաքական կեանքին կը բերէ նոր լոյս եւ յոյս», աւելցուց ան:
Աշակերտները, որոնք իրենց ուսուցչուհիներու հսկողութեամբ, դպրոցական համազգեստներով եւ կարգապահ շարուած էին սրահի բեմին առջեւ, դաշնակի ընկերակցութեամբ կամաւոր ուսուցչուհի Նոյեմի Լօխմանեանի, Տէրունական Աղօթքով բացումը կատարեցին յայտագիրին, ապա երգեցին Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի վարժարանի աշակերտական քայլերգները, որոնց յոտնկայս հետեւեցան ներկաները:
Աշակերտներէն Արեգ Զաքարեան առաջնորդեց «Աշակերտական Ուխտ»ի բաժինը, որմէ ետք խումբը երգեց «Սուրբ Մեսրոպ»ը, արժանանալով ներկաներուն խանդավառ եւ յատկապէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքին:
Վարժարանի փոքրերը հրամցուցին աշակերտական խմբական արտասանութիւններ՝ «Ժիր Մանուկ» եւ «Հայ Դպրոց»:
Անոնք նաեւ երգեցին «Իմ Հայրենեաց» եւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք», «Կայ մի մեծ մոլորակ» եւ «Գետաշէն» երգները, որոնք արժանացան բուռն ծափահարութիւններուն:
Բարձր դասարանի աշակերտներէն՝ Նիքըլըս Քատեան արտասանեց Գէորգ Պետիկեանի «Ըսի-Ըսաւ» ոտանաւորը, որմէ ետք աշակերտական խումբը ասմունքեց «Խօսք շնորհակալութեան եւ բարի մաղթանքներու», որ ամբողջ վարժարանին կողմէ յարգանքի եւ գնահատանքի բարի ու ազնիւ խօսքեր էին, հասցէագրուած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Առաջնորդ Սրբազանը, բեմ բարձրանալով, գնահատանք արձանագրեց հայու հոգիները ջերմացնող մթնոլորտին մասին: «Ձեզմէ առաջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, առաջնորդարան այցելած են ազգային վարժարաններու աշակերտներ, սակայն դուք ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ առաջին վարժարանն էք, որ այս այցելութեամբ կ՚ուրախացնէք մեզ: Վարձքերնիդ կատար, եւ օրհնեալ ըլլաք«:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս գնահատեց աշակերտներուն մաքուր հայերէնով ու լաւ առոգանութեամբ արտայայտութիւնները, ապա, օրհնութեան իր հայրական խօսքը ուղղեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են հայկական այս վարժարանը, պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ: Ան նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս տնօրէն Գէորգ Պետիկեանին, իր անսակարկ զոհաբերութեան եւ աշխատանքին համար:
Նկատել տալով, որ կը գտնուինք Ս. Վարդանանց տօնի նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշակերտներուն հարցումներ ուղղեց Ս. Մեսրոպի, Ս. Սահակ Պարթեւի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ղեւոնդ Երէցի ու ընդհանրապէս այս տօնին մասին: Աշակերտները տուին ճշգրիտ պատասխաններ, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ միաժամանակ ստանալով գովասանքի խօսքեր եւ օրհնութիւններ Առաջնորդ Սրբազանէն:
Արձանագրուեցաւ հաճելի անակնկալ մը. Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ Ազգ. Առաջնորդարանին պատուէրով՝ արուեստագէտ Ռազմիկ Խաչիկեան Ազգային Առաջնորդարանի մատրան համար գծած էր Վարդանանց ճակատամարտը խորհրդանշող գեղանկար մը, որ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն« մատրան մէջ պիտի զետեղուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Տրդատ թագաւորի եւ Ս. Սահակ Հայրապետի ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի նկարներուն կողքին: Արուեստագէտը նկարը սրահ բերելով, ոչ միայն ներկաները դարձուց առաջին ականատեսը իր այս գեղեցիկ աշխատանքին, այլեւ տուաւ սպառիչ բացատրութիւններ անոր մասին:
Շարունակելով իր հայրական խօսքերը, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ «մենք սուրբերը չենք պաշտեր, այլ սուրբերէն կը խնդրենք իրենց բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեր հոգին մնայ անխախտ եւ անաղարտ, որպէսզի մենք չտկարանանք, չթուլնանք: Անոնք մեզի համար մէկական խորհուրդներ են, որպէսզի Աստուծոյ հետ մեր հաղորդակցութեան կապը չխզուի, որպէսզի մեր հաւատքը չժանգոտի: Վայ անոր, որ մեր խղճի ու հոգիի ազատութիւնը կը փորձէ սպաննել»:
Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնին, ու անոնց մաղթեց յաջողութիւն, յարատեւութիւն եւ կորով՝ շարունակելու իրենց ազգանուէր եւ հայապահպանման մեծ գործը: Ան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց ՀՕՄ-ի«Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհիին, իսկ աշակերտներուն՝ մէկական խաչ եւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած ու յարգանք հայ մայրերուն աղօթքն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը նշող բացիկներ: Ուսուցիչները եւս նուէր ստացան՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Փախչիլ Չկայ հա… » եւ «Ոսկեհոս Ջրվէժ» հատորները, որոնց տպագրութիւնը յանձն առած էր Ազգային Առաջնորդարանը:
Այս այցելութեան առթիւ, վարժարանի ծնողներէն Տիկին Լիզա Տէր Պետրոսեան յիշատակի նուէր մը պատրաստած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր համար: Յուշանուէրը շրջանակի մը մէջ առնուած հայկական խաչ գծանկար մըն էր, որուն վրայ ձեռագիր «Հայր Մեր»ը արձանագրուած էր եւ որուն տակը նաեւ կը յիշուէր, թէ վարժարանի բոլոր աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին, տնօրէնին ու ծնողներուն կողմէ էր: Տիկին Պետրոսեանի նուէրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնեց իր դուստրը՝ աշակերտուհի Թալինը, իսկ անոր փոքրիկ քոյրն ալ նուիրեց գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքերով, «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով վերջ գտաւ այս հանդիսաւոր եւ իւրայատուկ պատմական այցելութիւնը: