Վերամուտ Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի


Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզը Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2015ին ունեցաւ վերամուտի իր պաշտօնական հանդիսութիւնը: Վարժարանը իր դռները բացած էր շաբաթասկիզբին:

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց վարժարան, ներկայ եղաւ վերամուտի արարողութեան եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց դեռատի մանուկներուն, դաստիարակներուն եւ ծնողներուն: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, ներկայ էին եկեղեցւոյ Ազգային Երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամներ, Վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամներ եւ ծնողներ:

Մանկամսուրին վարիչը՝ Տիկին Հելէն Մանուչարեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրերը: Արարողութիւնը սկսաւ աշակերտներուն մասնակցութեամբ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի դաստիարակներուն սերդնակերտ աշխատանքին, օրհնեց ներկաները եւ բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն, եւ յատուկ կերպով ողջունեց ծնողները: Ան նշեց, որ մեր վարժարանները շաբաթէ մը ի վեր կը վերաբանան իրենց դուռները, Թաւլեան Մանկամսուրը չորրորդ ուսումնարանն է, որուն ընտանիքին հետ կը բոլորէ վերամուտի պահը: Ան Երկնաւոր Հօրմէն խնդրեց հովանի ըլլալ մեր բոլոր ուսումնարաններու աշխատանքի դաշտերուն:

Աշակերտները ներկայացուցին արտասանութիւններ։ Ապա Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց դասարանները եւ անոնց մանկական հետաքրքրութիւնը գոհացուց պատասխանելով իրենց հարցումներուն, որմէ յետոյ հիւրերը մասնակցեցան տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022