Սրբալոյս Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Եւ Սրբապատկերներու Օծում Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Սուրբ եւ անմահ Պատարագին հանդիսապետեց, Սրբալոյս նոր Միւռոնով ջրօրհնէք եւ սրբապատկերներու օծում կատարեց, ապա աւուր պատշաճի քարոզեց: Օրուան պատարագիչն էր Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան:

Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած Սրբալոյս այս Միւռոնով կատարեցինք ջրօրհնէք, ապա ներկայ հաւատացեալները խրախուսեց՝ իրենց տուները տանիլ օրհնուած ջուրէն, մաղթելով, որ ո՛վ որ խմէ անկէ՝ ստանայ հոգիի, մտքի եւ մարմնի բժշկութիւն, Տէրը շնորհներ պարգեւէ բոլորին՝ իրենց բարի մտածումներուն համաձայն, յո՛յս նուիրէ ապագային համար, սէ՛րը շատցընէ մարդոց ներսիդին, որպէսզի երբ մարդիկ իրարու աչքերու մէջ նային, հոն տեսնեն ներկայութիւնը Յիսուս Քրիստոսի: Նոյնքան սրտառուչ էր նաեւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը, զոր Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց աղօթքի եւ շարականներու երգեցողութեամբ:

Թորգոմ Եպիսկոպոսի պատգամը խարսխուած էր Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ կարեւորութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ մարդուն կեանքին մէջ երբ հաւատքը շատնայ, մարդը կը դառնայ աւելի գիտակից, լուսաւոր ու ամբողջական: Ակնարկելով Յոյսին՝ Սրբազան Հայրը նշեց, որ յոյսը կեանք է, եւ երբ մեր յոյսը դնենք Աստուծոյ վրայ, մեր ուժը կ՛աւելնայ, կը զօրանանք եւ վաղուան կը նայինք յոյսի աչքերով: Շեշտելով սիրոյ անհրաժեշտութիւնը մարդուն կեանքին մէջ, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր՝ Մեծին, Արարիչին, Աստուծոյ նկատմամբ, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մարդիկ որքան սէ՛ր ղրկեն վեր, բազմապատկուած կը ստանան վերէն, ապա հաւատացեալները հրաւիրեց սիրել զիրար, հակառակ՝ որպէս մարդեր, մտածելու եւ զգալու կերպերու տարբերութեանց:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթեց Արցախի, Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար՝ հայցելով Աստուծոյ պաշտպանութիւնն ու զօրութիւնը, ի խնդիր հայ ազգի ու հայրենիքի խաղաղութեան, ապահով կեցութեան, բարօր կեանքին ու լուսաւոր ապագային:

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022