2016 Լուրերու Արխիւ
Շաբաթական Լուրեր – 8 Յուլիս 2016
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ – ՈՂՋԵՐԹԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Տ. ԽՈՐԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՀԱՊԷՇԵԱՆԻ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքին։ Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016ի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ ողջերթի ճաշկերոյթի մը, ի պատիւ Արժ. Տ. Խորէն […]
Այլակերպութեան Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Ս. Պատարագ Մատուցանեց եւ Ուրարի Տուչութիւն Կատարեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 3 Յուլիս 2016ը տօնական յիշատակելի օր մը եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար: Արդարեւ, Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ծխական այս համայնքը պատուեց՝ Ս. Պատարագ մատուցելով, ուղղելով իր պատգամը եւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհելով դպրաց դասի նուիրեալ դպիրներուն՝ Սարգիս Նաճարեանի, Նարեկ Խաչատուրեանի եւ Աւետիս Փաթաթեանի: Ս. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքին Ի Պատիւ Ճաշկերոյթին
Լիբանանի Մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Պշարա Ռայի Պատրիարքին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առիթով, Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2016ին, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ եւ տիկինը՝ Մայա, կազմակերպած էին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ հիւր պատրիարքին: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Իր Պարգամը Ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 41րդ Խաղերու Փակման Հանդիսութեան Առիթով
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեծ ընտանիքն ու համակիրները Կիրակի, 3 Յուլիսի երեկոյեան ժամադրուած էին Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզադաշտին մէջ, ականատես ըլլալու համար «Նաւասարդեան» 41րդ խաղերու փակման հանդիսութեան ու հազարաւոր սկսուտներու, մարզիկներու եւ վարչական պատասախանատուներու տողանցքին: Ընդառաջելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսաւոր արարողութեան եւ ուղղեց […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ազգ. Փիլիպոս Վարժարանի Ներկայացուցիչներուն Շնորհաւորական Այցելութիւնը
Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի Տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինա Դուրեանի եւ Ուսումնական Մարմինի անդամներ Տեարք Վահէ Թաշճեանի եւ Մուրատ Շահինեանի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ներկայ […]
Շաբաթական Լուրեր – 1 Յուլիս 2016
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս.buy diflucan online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/diflucan.html no prescription ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 3 Յուլիս 2016ը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է։ Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կ’այցելէ Քոլորատոյի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Համայնքին – Ս. Պատարագ եւ Հայրապետական Մաղթանք
Քոլորատոյի եւ Ռաքի Մաունթըն շրջանի մեր ծխական համայնքին համար, Կիրակի, 26 Յունիս 2016ը եղաւ յիշատակելի օր մը, երբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց ծխական համայնքին, Ս. Պատարագ մատուցեց, Հայրապետական Մաղթանք կատարեց ու օրուան յատուկ պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն: Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինութեամբ, Կիրակի օրը Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան Խաղերու «Յաղթանակի Պարահանդէս»ին Բացման Աղօթքը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 25 Յունիս 2016ի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ ներկայ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 41րդ խաղերուն առիթով կազմակերպուած «Յաղթանակի Պարահանդէս»ին ու կատարեց բացման աղօթքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական ու Արեւմտեան Շրջանի վարչութեանց, ինչպէս […]
Governor Brown Signs State Budget with $1 Million Earmark for Armenian American Museum
This post is available in English only
Շնորհաւորական Այցելութիւններ Առաջնորդ Սրբազանին Վերընտրութեան եւ Ձեռնադրութեան 40-ամեակին Առիթներով
Չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ ծխական համայնքի նուրիեալ ներկայացուցիչները այցելեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին, անգամ մը եւս շնորհաւորելու զինք վեցերորդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան եւ յատկապէս կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութեան 40ամեակի առիթներով։ Տէր Հայրը խօսք առնելով, շնորհաւորեց Սրբազան […]
Շաբաթական Լուրեր – 24 Յունիս 2016
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 21ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ – ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՔՈԼՈՐԱՏՈՅԻ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 21րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 26 Յունիս 2016ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Դպիրներու Ձեռնադրութիւն եւ Ուրարի Տուչութիւն Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Կիրակի, 19 Յունիս 2016ին ապրեցաւ յիշատակելի օր մը, իբրեւ պատարագիչ հիւրընկալելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, որ յընթացս Ս. Պատարագի՝ կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տուչութիւն, նաեւ ուղղեց իր պատգամը: Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, շաբաթավերջը նաեւ կը նշէր Առաջնորդ Սրբազանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման […]
Առաջնորդ Սրբազան Կատարեց Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցի Նոր Շէնքին Հիմնօրհնէքը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2016ին այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնօ, ուր կատարեց «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» ծերանոցի նոր շէնքին հիմնարկէքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պիլ Սահաթճեան եւ անդամներ: Ծերանոցը, որ տասնամեակներէ ի վեր հոգատարութիւն կը տրամադրէ տարեցներու, […]
Միջ-Դպրոցական Ասմունքի Մրցանակաբաշխումի Հանդէս
Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2016ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումին աւարտական հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. Վարչութեան նորընտիր անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի […]
Շաբաթական Լուրեր – 17 Յունիս 2016
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 19 Յունիս 2016ին Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը դպիրներու ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ եկեղեցւոյ նուիրեալ […]