2019 Լուրերու Արխիւ
Ուաշինկթըն Ուղեւորութեան Նախօրեակին Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 8-րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները, Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2019-ին, այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն։ Այցելութիւնը կը նպատակադրէր անոնց Ուաշինկթըն այցելութեան նախօրեակին, ստանալ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը եւ լսել անոր պատգամը։ Աշակերտները դիմաւորուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ […]
Առաջնորդ Սրբազան Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարի Ի Պատիւ Ընդունելութեան
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Պատուելի Դոկտ. Օլավ Թվայթի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, Երեքշաբթի, 2 եւ Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2019-ին, երկու ձեռնարկներ տեղի ունեցան, Լոս Անճելըսի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ Քրիստոնեայ համայնքին առիթ ընծայելով հանդիպելու եւ ծանօթանալու ընդհանուր քարտուղարին հետ։ Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Առաջնորդարանի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հայր Ալեքսի Սմիթի հրաւէրով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
Երեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Գարօլին Շմաւոնեանի։ Ներկայ էին Նայիրի Տէրտէրեան (փոխ-ատենապետուհի), Ռիթա Հինդլեան (ատենադպիր), Սիլվա Թագւորեան (գանձապահ), եւ անդամներ՝ Մարալ Մաթոսեան, Նելլի Վէքիլեան, Լիզա Աւագեան, Սօնա Աքելեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնականի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Վերժինի Թուլումեան եւ անձնակազմի […]
Տօն Անուանակոչութեան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին նշեց Ս. Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 31 Մարտին, Մեծ Պահոց հինգերորդ՝ Դատաւորի Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, մատաղի օրհնութիւն կատարեց եւ իր պատգամը ուղղեց Ս. Քառասնից Մանկանց […]
Հսկումի Արարողութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կեդրոնին Մէջ
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կեդրոնը ուր կատարեց հսկումի արարողութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան: Յանուն Եղբայրակցութեան, ատենապետ՝ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի […]
Միջինքին Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեզ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Արեւագալի Արարողութեան եւ Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ճաշկերոյթին
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Միջինքին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Հաւատացեալներուն կողքին Ներկայ էին Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք «Հայր մեր»ը երգեցին ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն եւ ծնողներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը փոքրիկներուն հետ զրոյց ունենալով, ի պատասխան իրենց հարցումներուն բացատրութիւն […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին պիտի նշէ Ս. Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 31 Մարտին, Մեծ Պահոց հինգերորդ՝ Դատաւորի Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Ս. Քառասնից Մանկանց […]
Մեծարանքի Հանդիսութիւն՝ Ի Պատիւ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի
Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ Միութեան ցկեանս պատուոյ անդամ, Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի ազգային գործունէութեան 50-րդ տարեդարձին եւ Պոլսահայ Միութեան անոր մատուցած 40 տարիներու ծառայութեան։ Ներկայ էին հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, միութեանց վարչութիւններու անդամներ, հայրենի հիւրեր […]
«Ս. Վարդան» եւ «Գայլ Վահան» Սկաուտական Շքանշաններու Տուչութիւն Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ
Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին, Մեծ Պահոց չորրորդ՝ Տնտեսի Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Վարդան» եւ «Գայլ Վահան» սկաուտական շքանշաններ շնորհեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գայլիկներու եւ արծուիկներու, որոնք հետեւած էին այս շքանշանին յատուկ կրօնական-դաստիարակչական դասընթացքին։ Պատարագիչն […]
Յոբելենական Հանդիսութիւն Մեծանուն Խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի 90-րդ Տարեդարձին Առթիւ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Ուրբաթ, 22 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Կեդրոնական Գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, մեծանուն խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի՝ ծննդեան 90-րդ տարեդարձին առիթով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ փոխանցեց իր գնահատանքի ու շնորհաւորական խօսքը։ Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին – «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» Սկաուտական Շքանշաններու Տուչութիւն
Կիրակի, 24 Մարտ 2019ը, Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ պիտի կատարուի «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» սկաուտական շքանշաններու տուչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի այն գայլիկներուն […]
Ճաշկերոյթ՝ Ի Պատիւ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Հովուական Ծառայութեան 60-Ամեակին
Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, Կիրակի, 17 Մարտ 2019-ին, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական ճաշկերոյթ մը ի պատիւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի ծառայութեան 60-ամեակին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ճաշկերոյթին ներկայ […]