Ազգային Առաջնորդարանը Կը Դատապարտէ Թեմիս Ազգային Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական Վարժարանին եւ Հայ Կեդրոնին Վրայ Գործադրուած Խափանարարութիւնը
Այսու խստօրէն կը դատապարտենք Ուրբաթ, 24 Յուլիսի կանուխ ժամերուն՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր Ազգ. Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական Վարժարանի վրայ գործադրուած ատելավառ խափանարարութիւնը, որ արտայայտուեցաւ դպրոցին ու անոր կից «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի շրջափակի պատերուն վրայ ազրպէյճանական անբարոյ ու հայատեաց լոզունգներով։ Մեր արդարատենչ պայքարի ճամբուն վրայ, քանիերորդ անգամ ըլլալով, Խանասորէն մինչեւ Արցախի քառօրեայ պատերազմն ու ընթացիկ ամսոյս Հայաստանի […]
Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակութեան 37-Ամեակին Առիթով
Երկուշաբթի 27 Յուլիս 2020, 37-րդ տարելիցն է հայ դատի պայքարին ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 26 Յուլիսին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն խաղաղութան համար։ […]
Բողոքի Ցոյց Ազրպէյճանի Բռնութեան Դէմ
Հ.Յ.Դ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, հազարաւոր հայորդիներ եւ զօրակիցներ համախմուեցան Լոս Անճելըսի Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած ու ցայսօր շարունակուող յարձակումները։ Խօսք առին Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Րաֆֆի Համբարեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Այլակերպութեան Տօնը Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս
Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Նահանգային կառավարութեան ցուցմունքներուն հետեւելով, Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ դռնփակ՝ առանց հաւատացեաներու ներկայութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամի սկզբնաւորութեան վկայակոչելով […]
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը Կը Զօրակցի Հայաստանի Ժողովուրդին Եւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Յարձակումը
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը եւ իր անդամ կազմակերպութիւնները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր բանակին՝ դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս Ատրպէյճանի բանակին կատարած յարձակումը: Համահայկական խորհուրդը նաեւ կը դատապարտէ Հայաստանի գիւղացիներուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումին զօրակցելու` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան տասնամեակներէ ի վեր կը վարեն Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս մեկուսացնելու […]
«Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Հայաստանի եւ Արցախի Խաղաղութեան Համար
Ազրպէյճանի դատապարտելի վերջին ոտնձգութիւններուն ու Հայաստանի սահմանագլուխին քաղաքային կառոյցներու ու բնակչութեան վրայ յարձակումներուն հետեւանքով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման եւ Հայոց Բանակի հզօրացման ու ապահովութեան համար։ Կ’աղօթենք […]
Տօն Այլակերպութեան՝ Վարդավառ
Կիրակի, 19 Յուլիս 2020ը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է, որ նաեւ ծանօթ է Վարդավառ անունով։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոլիվուտի Ս. […]
Քալիֆորնիոյ Կառավարիչի Նոր Սահմանափակումներու Համաձայն՝ Ս. Պատարագները Դարձեալ Պիտի Մատուցուին Առաջնց Հաւատացեալներու Մասնակցութեան
Ինչպէս տեղեակ էք «Քորոնա» ժահրի համաճարակը օրէ օր աւելի ահազանգող եւ տագնապեցնող կը դառնայ։ Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ին, Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Նիուսըմ նոր սահմանափակումներ հրահանգեց, որուն համաձայն Ս. Պատարագները դարձեալ պիտի մատուցուին առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Այսպէս, հետեւելով նորագոյն այս ցուցմունքներւն, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020, Վարդավառի տօնէն սկսեալ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի դռնփակ։ […]
Ցաւակցական
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, կը գուժեն մահը Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի հօր՝ Գրիգոր Տօնոյեանի, որ պատահեցաւ յետ շատ կարճատեւ հիւանդութեան, Ուրբաթ, 10 Յուլիսին, Լիբանանի մէջ։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, Տիկնանց Օժանդակ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին
Կիրակի, 12 Յուլիս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս.buy synthroid online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/synthroid.html no prescription Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Յարութ Պարսամեան Ուսանողական Կրթաթոշակի Դիմունմագիրներու Ընդունում 2020-2021 Տարեշրջանի Համար
Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնն ու «Պարսամեան» Կրթաթոշակի Յանձնախումբը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2020-2021 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունին «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։ Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ մը, Միացեալ […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 25-ամեակին Առիթով
Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առիթով, Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող Թեմերէն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։ Այս աոթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որու ընթացքին […]
Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 25-րդ Տարեդարձին Առիթով
Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 25-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող բոլոր Թեմերէն ներս, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմէն ներս։ Նորին Սրբութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 28 Յունիս 1995-ին, իսկ օծումը՝ 1 Յուլիսին։ Այս աոթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Ս. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան Քահանայական Սեւ Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իրաւունք Կը Ստանայ
Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, որու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, քահանայական սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանին։ Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի սկզբնաւորութեան Հայրերու Օրուան առթիւ նախ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, նշելով, որ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին
Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։