Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան եւ Օծման 54-րդ Տարեդարձին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ օծման 54-րդ տարեդարձին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին, Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու ներկայացուցիչները, բարերարներ, Կիրակնօրեայ վարժարանի եւ Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն դասարանի աշակերտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ ու հոգեպարար տօնակատարութեան համար, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, ծխական համայնքին ու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու աշակերտութեան, որոնք «Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն», ինչպէս կ’ըսէ օրուան աւետարանական ընթերցուածը։ Առաջնորդ Սրբազան նաեւ ողջունեց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի Տնօրէնուհին, ուսուցիչներն ու աշակերտները, որոնց ուղղելով իր խօսքը՝ նշեց, որ «իբրեւ մեր ապագայ առաջնորդները, դուք պէտք է գիտակցի՛ք այն գուրգուրանքին, դաստիարակութեան ու զոհողութեան, որոնք կը տրամադրուին ձեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ մեր հաւաքական կեանքի նուիրեալներուն կողմէ, որպէսզի առողջ հոգիով ու միտքով ունենաք պայծառ կեանք ու ապագայ եւ մնաք հաւատարիմ ժառանգորդները մեր նախնեաց, որոնց կեանքի ճանապարհը մեզի համար եղաւ ուղեցոյց, որպէսզի մենք կարենանք շարունակել իրենց գործը»։

Խօսելով եկեղեցւոյ տարեդարձի տօնակատարութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ ամեակներն ու տարեդարձները առիթներ են յիշելու այն սերունդը, որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ կառուցման եւ հիմքը դրած մեր այսօրուան յաջողութիւններուն. «Անոնց ցանած սերմերուն արգասիքը պէտք է վերանորոգութեան խթան հանդիսանայ բոլորիս համար», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ նշելով, որ նախորդ օրը «Ամենայն Սրբոց» տօնն էր, ան յիշեցուց, որ այս եկեղեցին կոչուած է մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակին, որպէս ոգեշնչման աղբիւր, իսկ «Ամենայն Սրբոց» տօնը յիշատակի տուրք է յայտնի եւ անյայտ սուրբերուն, որոնք հաւատարմօրէն լսեցին եւ գործադրեցին Աստուծոյ խօսքը, եւ այսօր յաւերժութեան մէջ են ու կը սպասեն իրենց արդար պսակին։ «Մեր սուրբերը անշեղ հաւատքի, անսահման սիրոյ եւ Աստուծոյ կամքին ամբողջական հնազանդութեամբ լի նուիրեալներ են, որոնք կեանքի գնով հաւատարիմ մնացին մեր Տիրոջ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ մաղթեց, որ այս տօնը ըլլայ Աստուծոյ խօսքին անսալու եւ սիրով ու հաւատարմութեամբ ծառայելու նոր հրաւէր։

Անդրադառնալով օրուան աւետարանական հատուածին մէջ յիշատակուած «ճրագի օրինակ»ի (Ղուկաս 8։17-21) ու զայն կանխող «Սերմնացանի» առակներուն (Ղուկաս 8։ 9-15), Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ երկու առակներն ալ այժմէական պատգամներ կու տան մեզի՝ մեր հաւատքն ու ծառայական կեանքը ճիշտ ուղի մէջ պահելու համար։ «Երբ իբրեւ Լոյսի որդիներ ապրինք՝ մեր լոյսի ճանապարհորդութիւնը պահուած եւ գաղտնի չի՛ մնար, որովհետեւ Ամենակալ ու Ամենատես Աստուած ամէն բան կը տեսնէ եւ կը հատուցանէ ըստ իր կամքին», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, ապա շարունակեց՝ «Աստուծոյ խօսքը լոյս է, եւ ով որ կը լսէ այդ խօսքը, պէտք է կեանքի վերածէ եւ անով լուսաւորուի՝ հաւատքով առաջնորդուելով դէպի արդարութեան ճանապարհ. մեր սուրբերը եղան այն պտղաւորեալ հատիկները, որոնք իբրեւ պարարտ հող ընդունեցին Աստուծոյ խօսքը եւ զայն կեանքի, առաքելութեան ու ծառայութեան վերածեցին։ Անոնք Աստուծոյ խօսքը իբրեւ լոյս ու ճրագ ընդունեցին իրենց սիրտերուն ու հոգիներու մէջ, պտղաւորուեցան եւ այնուհետեւ հաւատքի պտուղները բաշխեցին մեր ժողովուրդին»։

Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ ներկաներուն՝ «թէ հաւատարի՞մ ենք մեր նախնեաց եւ սուրբերուն կտակին», ապա, յորդորեց զանոնք, որպէսզի բոլոր սուրբերու եւ մանաւանդ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ ու մեր հայրենիքի սիրով նահատակուած սուրբերուն եւ հերոսներուն օրինակով տոգորուած՝ վերանորոգեն իրենց կեանքը եւ Աստուծոյ խօսքը կեանքի լոյսի վերածելով՝ պտղաւորուին ու նոյն սերմերը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ, աղօթք բարձրացուց եկեղեցւոյ այժմու սպասարկուներուն համար, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ անոնց քայլերը եւ ծառայական ուխտի մէջ զանոնք պահէ անխախտ։

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ ծխական համայնքը եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով պատուած ըլլալուն եւ համայնքին ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հանդէպ տածած սիրոյն եւ հոգածութեան համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մատաղի բարերարներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ հիմնադիրներուն, հոգեւոր հովիւներուն, ծխականներուն, բարերարներուն եւ ծառայասէր ու հաւատաւոր հայորդիներուն հոգիներուն համար։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022