Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 8րդ Կարգի Աշակերտները Ազգային Առաջնորդարան Այցելեցին


Հաւատարիմ մնալով վարժարանին իսկ կողմէ հաստատուած տարիներու բարի աւանդութեան, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015ին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ: 42 աշակերտներուն կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, ուսուցիչներ եւ ծնողներ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան:

Աշակերտները հերթով “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” մատրան մէջ Աւետարանը համբուրեցին, որմէ ետք ուղղուեցան “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը: Բարի աւանդութիւն է, որ աշակերտները գարնան օրերուն, Ս. Յարութեան տօնին, ուխտի երթան Հայաստան եւ անկէ առաջ, այցելեն Ազգային Առաջնորդարան, ստանալու համար Առաջնորդ Սրազանին օրհնութիւնը: Աշակերտները իրենց մատղաշ շրթներով վերապրեցուցին Եղիշէ Չարենցն ու Պարոյր Սեւակը, մենապարով ու նուագով եւ մանաւանդ խմբային արտասանութիւններով Հայաստան մը ներկայացուցին իրենց գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց աշակերտներն ու դաստիարակները, գնահատանքով արտայայտուեցաւ մատուցուած յայտագիրին մասին, ապա իր պատգամը ուղղելով նշեց, որ աշակերտներուն Հայաստան այցելութիւնը կրկնակի նշանակութիւն ունի, որովհետեւ մեր մայր հայրենիքին ծանօթացման կողքին, կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, որ մեր նահատակները այս տարի, Ապրիլ 23ին, Ս. Էջմիածինի մէջ յատուկ արարողութեան մը ընթացքին պիտի սրբադասուին մեր եկեղեցւոյ կողմէ, հետեւաբար, երբ անոնք յառաջիկային դարձեալ Հայաստան այցելեն, Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիները զիրենք պիտի դիմաւորեն իբրեւ սուրբեր:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց նաեւ, որ այս այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Մեծ Պահքի օրերուն, ժամանակաշրջան մը՝ որ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար հոգեկան վերանորոգութեան առիթ է, որպէսզի կարենանք մաքրազտուած կերպով դիմաւորել Ս. Յարութեան տօնը: Ան յատկապէս յորդորեց աշակերտները հետեւելու մեր Տիրոջ պատգամներուն, ըլլալ հնազանդ, ջանասէր ու մեղքի ճամբաներէն հեռու, որպէսզի արժանի ըլլան ոչ միայն դաստիարակներուն, այլ նաեւ Երկնաւոր Հօր ներողամտութեան:

Հանդիպումի աւարտին “Կիլիկիա” մաղթերգի եւ Հայաստանի քայլերգի բառերով ներշնչուած, աշակերտները հոգեկան խնդութեամբ լեցուած՝ յիշատակելի խմբական լուսանկար մը առին իրենց ճամբորդութենէն առաջ, եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ստացան 100ամեակի յատուկ ազդեր։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022