Անցեալ շաբաթավերջէն սկսեալ, Արեւմտեան մեր Թեմի հայութիւնը իր ձայնն ու գործը միացուց համայն հայութեան բողոքի ու պահանջատիրութեան ձայնին, Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակին առիթով խոնարհելով մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ վերահաստատելով մեր արդար իրաւունքները աննահանջ շարունակելու կամքը։ Այս առիթով, տեղի ունեցան արարողութիւններ, քաղաքական եւ ցուցական հաւաքներ ու մշակութային արտայայտութիւններ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, անձամբ կամ ներկայացուցիչներով, Ազգային Վարչութեան անդամներ ու մեր գաղութի հոգեւոր հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ մասնակից եղան ծրագրեալ նախաձեռնութիւններուն, որոնց ամփոփ պատկերը կը ներկայացնենք ստորեւ։
– Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2018-ին, Փասատինայի «Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոնէն դէպի քաղաքի հանրային պարտէզին մէջ կանգնած նահատակաց յուշարձանը տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, ուր ներկայացուեցաւ յատուկ յայտագիր մը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան մասնակցեցաւ ձեռնարկի բացման աղօթքին։ Խօսք առին նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Տեղի ունեցաւ յուշարձան առաջնորդող ցուցատախտակի քողազերծումը. ցուցատախտակը պիտի զետեղուի թիւ 210 ազատուղիին ճամբեզրին։ Շրջանի հայկական վարժարաններէն աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։
– Կիրակի, 22 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, բարեխօսական կարգ կատարեց նուիրուած մեր Ս. նահատակներուն եւ փոխանցեց իր պատգամը։
– Նոյն օրը, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինը կազմակերպեց աշակերտական ուխտագնացութիւն դէպի Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձան։ Ներկայ էին Նայիրի, Արաքս, Սիփան եւ Սեւան մասնաճիւղերու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց վարչական ներկայացուցիչներուն, տնօրէնուհիներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներու։ Անոնք ընդունուեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանի կողմէ ու «Տէրունական» աղօթքի ու «Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութեամբ բարձրացան դէպի յուշարձան եւ մեխակներ զետեղեցին յուշարձանին դիմաց։ Արտասանուեցան սրտի խօսքեր եւ երգուեցան հայրենասիրական երգեր։
– Յետմիջօրէին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ քաղաքական-ժողովրդային աւանդական հաւաքը. այս տարի մեր գաղութը կը նշէ Մոնթեպելլոյի յուշարձանին 50-րդ տարեդարձը։ Հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հաւաքի բացումը, սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական աղօթքով։ Խօսք առին ընտրեալ պաշտօնատարներ։ Գլխաւոր բանախօսն էր Ցեղասպանութեան օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռը՝ Պապ Մորկընթաու։ Բոլոր արտայայտուողները ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ շեշտեցին, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը ու անկէ բխող մեր իրաւունքները։ Հայկական վարժարաններու աշակերտներ խումբ-խումբ հանդէս եկան ազգային ու հայրենասիրական երգերով, խոր տպաւորութիւն գործելով ոգեկոչման մասնակցողներուն վրայ։
– Կիրակի երեկոյեան, Լաս Վեկասի Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ հսկում, նախաձեռնութեամբ Հայ-Ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան։ Քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան մասնակցեցաւ հաւաքի բացման աղօթքին։ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան քաղաքապետութենէն ստացաւ հռչակագիր մը, որ Ապրիլ 24-ը կը նկատէ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր։
– Երկուշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեան, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսութիւն մը։ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղան արարողութեան։
– Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան «Արդարութեան Քայլարշաւ»ը. բազմատասնեակ հազարաւոր ցուցարարները «Փէն Փասիֆիք Փարք»էն ուղղուեցան դէպի հիւպատոսարան, ուր գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը։ Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւոր հայրեր եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ մասնակեցան քայլարշաւին։
– Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ալեքս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքապետութեան կազմակերպած աւանդական հաւաքը։ Գլխաւոր բանախօսներն էին Տին Քէյն եւ Մոնթէլ Ուիլիըմզ՝ Ցեղասպանութեան մասին «Architects of Denial» վաւերագրական ժապաւէնին արտադրիչները։ Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտներ, Լոս Անճելըսի «Պելֆրի» երգչախումբը, Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հասատատութիւնը եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, երկայ եղան Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։