Ս. Վարդանանց Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Նորթ Հոլիվուտի Մէջ

Քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման համար, մեր պատմութեան ճակատագրական պատերազմին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ Ս. Վարդանանց զօրավարաց մղած ճակատամարտին յիշատակը Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2018-ին նշուեցաւ իբրեւ ազգային եւ եկեղեցական տօն: Այս առիթով, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն:

Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Իր պատգամին ճամբով, Հայր Սուրբը խօսեցաւ Վարդանանց հաւատքի տոկունութեան եւ ազգային ինքնութեան իտէալին մասին։ Հայր Սուրբը ըսաւ. «Վարդանանց համար քրիստոնէական հաւատքը կեանքի ու ապրելակերպի ամէնէն նուիրական եղանակ ու ոճ էր։ Անոնք քրիստոնեաներ չէին անուամբ, այլ անոնց համար քրիստոնէութիւնը գերագոյն վարդապետութիւն եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամէնէն ուժեղ ենթահողն էր։ Այսօր, մենք բոլորս հրաւիրուած ենք մենք զմեզ տեսնելու ու վերարժեւորելու մեր ազգին համար Վարդանանց գծած ուղիին մէջ՝ հաւատքի ճամբուն վրայ»։ Հայր Սուրբը կոչ ուղղեց ներկաներուն, իրենց կեանքի բոլոր օրերուն պարծենալու Քաջ Վարդանի թոռները ըլլալու ճշմարտութեամբ։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին, երգուեցաւ Ս. Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, տօնին յատուկ բարեխօսական մաղթանքը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ: Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Վարդանանց հաւատքով պարուրուած եւ անոնց ուժով զինուած, հոգեւորականաց դասուն հետ երգեցին Ս. Վարդանանց նուիրուած երգեր, «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի քայլերգը։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը եւ հոգեւորականները համախմբուեցան եկեղեցւոյ կից սրահը, ուր տեղւոյն հոգաբարձութեան հետ կիսեցին տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանը։ Խօսք առին շրջանի հովիւը՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ հոգաբարձութեան անդամ Պաղտիկ Էքմէքճեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն, շնորհաւորելով զանոնք, Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով։

Իր փակման խօսքին ճամբով, Առաջնորդ Սրբազանը նախ բարձր գնահատեց շրջանի հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը՝ տօնը ըստ արժանւոյն կազմակերպելնուն համար, նաեւ գնահատանք արձանագրեց տիկնանց միութեան՝ իրենց պատրաստած սիրոյ սեղանին համար։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022