Տօնական օրերու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2016ի առաւօտուն այցելեցին Արարատ Տուն եւ Ս. Յարութեան տօնին աւետիսը փոխանցեցին պատսպարեալ բնակիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն: Այս առթիւ, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ Ս. Յարութեան խորհուրդով վերանորոգուած բարեբեր օրեր մաղթեց բոլորին։
Առաջին հերթին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն. ապա շարականներու երգեցողութեամբ եւ աղօթքներու մատուցմամբ տնօրհնէք կատարուեցաւ, որու աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Հիւանդանոցի բաժնի վարիչ Մարկարիթա Քէշիշեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հայրերուն։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին, գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ օրհնութեան խօսք ու բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բոլորին։
Այնուհետեւ, հաստատութեան մատրան մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան: Երգեցողութիւնը կատարեցին հոգեւոր հայրերը: Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ երկու վէմ քարերու օրհնութիւնն ու Ս. Միւռոնով օծումը, որոնցմէ մէկը զետեղուեցաւ մատրան խորանին վրայ։
Արարողութիւններէն ետք, Արարատ Տան հոգաբարձութիւնն ու անձնակազմը, ճաշով հիւրընկալեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը. ճաշին մասնակից էին նաեւ բնակիչները: Ստեղծուեցաւ տօնական օրուան յատուկ ոգեղէն մթնոլորտ: Կատարուեցաւ հաւկթախաղ, երգուեցան երգեր. 95ամեայ մամիկ մը մելանոյշ ձայնով երգեց «Յարեաւ Քրիստոս» մեղեդին։
Հաստատութեան հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր դասուն, որ տօնական օրերուն եւ այլապէս, հոգեւոր մատակարարութիւն եւ մխիթարութիւն կ’ընծայեն հաստատութեան պատսպարեալներուն եւ անձնակազմին. իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն՝ Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեց տօնական նուէր մը: Առաջնորդ Սրբազանը, անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հաստատութեան նուիրեալ ծառայողներուն մասին եւ յուշանուէր մը յանձնեց Տիար Կանիմեանի, օրհնելով բոլոր ներկաները: