Շաբաթ, 31 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ճրագալոյցի արարողութիւն եւ օրուան յատուկ Ս. Գրային ընթերցումներն ու Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, պատարագիչ հոգեւոր հայրերը Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը հաղորդեցին հաւատացեալներուն, որոնք Ս. Խորանէն վառուած մոմերով տուն վերադարձան՝ Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու իրենց ընտանեկան յարկերը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկաներուն աւետելով Քրիստոսի Ս.
buy cialis online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/cialis.html no prescription
Յարութիւնը։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ Խաչատուրեանն ու սարկաւագաց դասը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց. եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. նմա փառք յաւիտեանս» ժամամուտի բառերով: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս միասնաբար կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան ճրագալոյցը։
Անդրադառնալով Մեծ Պահքի եօթը շաբաթներու ինքնասրբագրութեան, ինքնաքննութեան ու վերանորոգութեան պատգամներուն ու Աւագ Շաբթուան բազմախորհուրդ օրերուն, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մեղաւոր մարդուն փրկութեան համար Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութիւնը չարչարանքով, խաչելութեամբ, մահով ու թաղուելով լրումին հասցուց, սակայն երեք օր ետք, մահուան վրայ իր տարած յաղթանակով, մարդկութեան շնորհեց յաղթանակ, ինչպէս նաեւ փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի խոստումը։
«Մեր Տէրը եւ Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց, սակայն ո՛չ սովորական կեանք մը, այլ՝ նոր կեանք, լուսաւոր ու յաղթական կեանք մը։ Քրիստոսի յարութեամբ անգամ մը եւս որդեգրուեցանք Աստուծոյ կողմէ ու արժանացանք Անոր գթութեան ու ողորմածութեան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ աւելցուց, որ «Քրիստոսի յարութիւնը սոսկ մահէ անդին յաւիտենականութեան խոստում մը չէ, այլ նաեւ նորոգութեան հրաւէր ու նոր կեանքի երաշխիք՝ մեր երկրաւոր կեանքի տեւողութեան»։
Իր պատգամը եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց ներկաները, որպէսզի վերանորոգուին հաւատքով, Քրիստոսի յոյսով ամրապնդուին, Քրիստոսը բնակեցնեն իրենց սիրտերուն մէջ, որպէսզի Անոր սէրը իշխէ առ յաւէտ։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ս. Յարութեան նախատօնակ եւ «Այսօր Յարեաւ» շարականի երգեցողութեամբ կատարուեցաւ մոմավառութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն բերուած մոմով վառեց հաւատացեալներուն մոմերը, իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի անմար լոյսին եւ ընտանիքներու յարկերէն ներս անոր տարածման։ Ապա, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։