Մեռելոց Յիշատակի Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Հոլիվուտ Հիլզի “Ֆօրէսթ Լօն” Գերեզմանատան Մէջ


Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, իւրաքանչիւր Տաղաւար տօնի յաջորդող օրը Մեռելոց յիշատակի օր է։ Մեր Թեմի տարիներու իմաստալից աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Սուրբ Յարութեան Տօնի Մեռելոց յիշատակակի օրը, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականաց Դասին, Երկուշաբթի, 21 Ապրիլ 2014ի առաւօտուն, Հոլիվուտ Հիլզի “Ֆօրէսթ Լօն” գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ Անդաստան։

Հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը ներկայ էր Հոգեհանգստեան արարողութեան, որոնք իրենց ննջեցեալ հարազատներուն ու բարեկամներուն հոգիներուն համար եկած էին աղօթք մատուցելու։

Merelots3Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, Հոգեւորականաց Դասը Թափօրով ուղղուեցաւ “Hall of Liberty” սրահ, ուր նախ գան արարողութիւնը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան բացատրեց օրուան խորհուրդն ու իմաստը, շեշտելով թէ Քրիստոսի յարութեան յոյսով լեցուած, եկած ենք աղօթք բարձրացնելու մեր ննջեցեալներուն համար, զանոնք յուսադրելու Քրիստոսի երկրորդ գալուստով ու փրկութեան աւետիսով, ինչպէս նաեւ մխիթարուելու փրկութեան յոյսով որ Քրիստոսի գալուստին ժամանակ տեղի պիտի ունենայ երբ ողջերն ու մեռածները յարութիւն պիտի առնեն ու արդար դատաստանին պիտի ներկայանան։

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ընթացքին յիշուեցան մեր ազգի հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ, յայտնի կամ անյայտ ննջեցեալները։ Ապա քահանայ հայրերը յիշեցին հաւատացեալներուն կողմէ խնդրուած ննջեցեալներու անունները, աղօթք բարձրացնելով որ Աստուած ողորմի եւ հանգիստ շնորհէ անոնց հոգիներուն։

Հոգեհանգստեան աւարտին, հոգեւորականաց Դասն ու ներկայ բազմութիւնը Թափօրով ուղղուեցան դէպի բակ ուր տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ օրհնուեցան բոլոր ննջեցեալներուն գերեզմանները։ Օրուան արարողութիւնը վերջ գտաւ “Հայր Մեր”ի եւ “Կիլիկիա”ի երգեցողութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022