Քրիստոսի Համբարձման տօնը Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին, Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ տօնախմբուեցաւ Ս. Պատարագի արարողութեամբ ու աւանդական ճաշկերոյթով, վերջինը կազմակերպուած՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին կողմէ։
Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի. պատարագիչն էր Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, որ քարոզեց վեր առնելով օրուան խորհուրդը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ.
buy vardenafil online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/vardenafil.html no prescription
Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ, որոնք մասնակցեցան արարողութեան։ Պատարագիչ Տէր Հայրը խօսեցաւ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին շրջանին մասին, որ կ’ընդգրկէ Ս. Յարութենէն մինչեւ երկինք համբարձումը, շեշտելով, որ Աստուածորդին երկինք համբառնալով՝ կամուրջ մը հաստատեց երկինքի ու երկրի միջեւ եւ բացաւ դուռը փրկութեան։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Ս. Պատարագէն ետք, աւանդական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Պրէնտվիու» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդն ու Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Այս տարուան գլխաւոր հիւրընկալն էր Տիկին Քէթի Պետրոսեան, ընկերակցութեամբ Տիկնայք Լինտա Քէյ Ապտուլեանի, Ճէյն Էլիզապէթ Ասմարի եւ Սթեֆընի Փիթըրզ-Պետրոսեանի։ Հիւրերուն շարքին էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Էլօ Պոյաճեան, եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու, միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Տ. Օ. Մարմինին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, որ վեր առաւ նման տօներու կարեւորութիւնը՝ մեր քրիստոնէական ու ազգային աւանդութեանց պահպանման իմաստով, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն ու ներկաներուն՝ իրենց յարատեւ զօրակցութեան համար, ի մասնաւորի օրուան հիւրընկալներուն, իրենց առատաձեռն նուիրաբերումին համար։
Հոգեւորականաց դասու առաջնորդութեամբ, ներկաները երգեցին Տէրունական Աղօթքը, ապա, հոգեւոր հայրերը երգեցին Համբարձման տօնին շարականը. տեղի ունեցաւ սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց օրուան պատգամը։ Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը՝ եպիսկոպոսական ձեռանդրութեան ու օծման արժանանալուն առիթով, գնահատանք արձանագրեց Տ. Օ. Մարմինին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակիցներուն ու մասնաւորաբար օրուան հիւրընկալ՝ Տիկին Քէթի Պետրոսեանի՝ անոր շարունակուող առատաձեռնութեան ու բարեկամութեան համար։ Խօսելով Համբարձման տօնին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ դէպքին, նշելով, որ Յիսուսի համբարձումը Իր առաքելութեան վախճանը չէր, այլ շարունակութիւնը՝ Ս. Հոգիին միջոցաւ։ Համբարձումը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին որպէս երկնաւոր թագաւոր Աստուծոյ աջ կողմը բազմելուն հաստատումն էր, ուրկէ կը ներգործէ մեր կեանքին մէջ իբրեւ բարեխօս եւ պաշտպան ու կը պատրաստէ մեր ուղին Հօր Աստուծոյ հասնելու։ Այսօր, երբ այս տօնը կը տօնենք ցնծութեամբ, ուրախ զգանք՝ իրազեկ ըլլալով այն ճշմարտութեան, որ իբրեւ երկնաւոր արքայ՝ Ան տէրն է մեր կեանքին։ Իբրեւ անոր հաւատարիմ ծառաները՝ եկէ՛ք, գործենք արիութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, ապրինք լուսաւոր ապագայի մը յոյսով, մինչեւ այն օրը, երբ իբրեւ արդար դատաւոր ու արքայ պիտի վերադառնայ Իր թագաւորութիւնը հաստատելու երկրի վրայ, ինչպէս հաստատած է երկինքի մէջ։
Տ. Օ. Մարմինի անդամներէն Տիկին Մարալ Քիլէճեան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ Համբարձման տօնին յատուկ ճաշերուն ու ժողովրդային աւանդութեանց մասին, որոնց շարքին՝ վիճակ ձգելու աւանդութիւնը, որ աղերս ունի Քրիստոսի աշակերտներուն կողմէ Յուդան փոխարինելու համար ձգուած վիճակին հետ։
Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց Տիկին Պետրոսեանը՝ Ազգ. Առաջնորդարանին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ եւ ամերիկահայ գաղութին տարիներու իր նուիրաբերումին համար. ան այս ճաշկերոյթին առիթով նուիրաբերած էր 10,000 տոլար։ Տ. Օ. Մարմինը իր կարգին ծաղկեփունջեր նուիրեց Տիկին Պետրոսեանի եւ օրուան հիւրընկալութիւնը բաժնեկցողներուն։ Տիկին Պետրոսեան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ նախ գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա յայտնեց, որ պատիւ մըն էր այս ճաշկերոյթին ներկայութիւնը եւ վերահաստատեց իր անվերապահ զօրակցութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանին։
Հանդիպումը շարունակուեցաւ խրախճանական մթնոլորտի մէջ, հայկական աւանդական երգերով։ Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, կատարուեցան առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնց համար կազմակերպիչ մարմինը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրաբերողներուն։ Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ Տիկին Արսինէ Ֆիլիփս պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւրընկալելու յառաջիկայ տարուան համբարձման այս ձեռնարկը, ի յիշատակ իր հօր՝ Յովակիմ Պետրոսեանի։ Յայտնենք, որ Տիկին Ալիս Նաւասարկեան յանձն առած է հովանաւորել Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին այս տարուան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, իսկ Տիկին Գոհար Սիւլահեան՝ 2019-ի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը։