Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան Տօնախմբութեան եւ Մեծարանքի Երեկոյին


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, «Արարատ» մասնաճիւղի «Պաղտասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան տարեկան առաջին հանդիսութիւնը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 97րդ տարեդարձին զուգադիպող այս հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր ի պատիւ մարզական մեծ միութեան կամաւորներուն ու նուիրեալներուն:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներ եւ ուղեկից կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ: Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հ.
buy forzest online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/forzest.html no prescription

Մ.Ը.Մ.ի մօտաւորապէս մէկ-դարեան ներդրումը՝ հայութեան կեանքին մէջ, մասնաւորաբար սփիւռքի կազմաւորման առաջին օրերէն սկսեալ ու տարածուելով հայկական գաղութներու վրայ:

Ան նկատել տուաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր նշել՝ կը նշանակէ անցեալին նայիլ, երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր նուիրեալներուն, որոնք գործեցին ի խնդիր մեր երիտասարդութեան ապագայի կերտման ու անցան: Այս օրը նաեւ հպարտութեան առիթ է, որ մաս կը կազմենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման կազմակերպութեան մը, որ մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն համար ստեղծած է բացառիկ ու առողջ միջավայր մը: Վերջապէս, այս տօնախմբութիւնը առիթ է շնորհակալութիւն յայտնելու այսօրուան նուիրեալներուն՝ Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց մակարդակին վրայ, որոնք կը շարունակեն հիմնադիր սերունդին ու անոնց աւանդը պահպանողներուն երթը, գնահատել Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարերարները, տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի պատիւին արժանացողները, «Նաւասարդեան» խաղերու նախագահները, որոնք հարազատ հայորդիներ են ու իրենց ձեռքերը միացուցած են ի խնդիր մեր նոր սերունդի առողջ կազմաւորման: Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց նոր նուաճումներ մաղթելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022