Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին այս տարի եւս իր անուանակոչութեան տօնը նշեց եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ մատաղօրհնէքի արարողութեամբ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 6 Մարտ 2016ին Ս. Պատարագ մատուցեց, քրիստոնէութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած 40 զինուորներուն նահատակութեան պատգամը փոխանցեց, ապա, կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ սարկաւագներ։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքին հաւատարիմ 40 զինուորներուն նահատակութեան պատմական դէպքին, որ տեղի ունեցած է Սեբաստիոյ մէջ, 316ին, վեր առնելով անոնց զոհաբերութենէն բխող անժամանցելի պատգամը: 40 երիտասարդ զինուորները քաջ գիտէին, թէ իրենց ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէր՝ եթէ չհնազանդէին քրիստոնէութենէն դարձ կատարելու կայսեր հրամանին, սակայն անոնք հաստատակամ մնացին եւ իրենց կեանքը զոհաբերեցին հաւատքի պաշտպանութեան համար եւ արժանացան երկնային փառաց պսակին:
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ խօսեցաւ օրուան Մեծ Պահոց Ե. Կիրակիի Աւետարանական հատուածին մասին, որ կը պատմէր Անիրաւ Դատաւորին առակը: Այս առակը մեզի կը սորվեցնէ անխախտ պահել հաւատքը, առանց վհատելու աղօթել եւ չյուսալքուիլ՝ ինչ որ ալ ըլլան աննպաստ պայմանները:
«Քառասուն մանուկները հաստատ մնացին իրենց հաւատքին մէջ: Անոնք Աստուծոյ չդիմեցին ի խնդիր իրենց կեանքի փրկութեան, այլ խնդրեցին քաջութիւն եւ հոգեկան ամրութիւն, որպէսզի կարենան դիմադրել տաժանքներուն», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ նկատել տուաւ, որ մենք եւս, մեր կեանքի ընթացքին, դէմ յանդիման կը գտնուինք բազում դժուարութիւններու, ամենօրեայ տագնապներու, հիւանդութեան, նիւթական դժուարութեանց, սակայն իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակները, պէտք է օրինակ առնենք 40 մանուկներու զոհաբերութենէն ու այրի կնոչմէն եւ դիմենք Աստուծոյ օգնութեան, որ իր ճշդած ժամանակով անպայման օգնութեան կը հասնի մեզի։
Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ծառայութեան Տարուան պատգամին, յորդորելով գաղութի զաւակները, որ տօնական այս օրուան առիթով, ուխտեն շարունակել եկեղեցւոյ իրենց զօրակցութիւնը, անոր շուրջ բոլորուին համեստութեամբ, եղբայրական սիրով, փոխադարձ յարգանքով եւ հասկացողութեամբ, մեկդի դնելով անհատական հաշիւները, ի խնդիր գաղութի հաւաքական կեանքի բարելաւման: Ան նկատեց, որ անցեալ տարին այս եկեղեցւոյ համար եղաւ վերանորոգութեան հանգրուան, «եւ ինչպէս որ բարեփոխութիւն կրեց եկեղեցւոյ համալիրը՝ թող ձեր հոգիները եւս վերանորոգում ապրին, գաղութի բարգաւաճման ոգին վերակենսաւորուի», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ «Ղուկասեան» վերանորոգուած սրահը, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ անոնց գործակիցներուն նուիրեալ ծառայութիւններուն մասին, մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնելով Մինասեան եւ Պուլուճեան ընտանիքներուն, որոնք հովանաւորած էին մատաղը ի յիշատակ իրենց հարազատներուն։