Տասը Կուսանաց Յիշատակի Նշումը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ


Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթին յիշատակումի օրն է մեր Տիրոջ առակներէն՝ Տասը Կոյսերուն: Այս առիթով, Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, սարկաւագներու եւ դպիրներու, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տասը Կոյսերուն խորհուրդին նուիրուած ժամերգութիւնը, որուն ընթացքին աւանդաբար կ’ընթերցուի Աւետարանի համապատասխան հատուածը: Առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն՝ պատրաստ վիճակով դիմաւորելու Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Վարչութեան, եկեղեցւոյ երեսփոխանական կազմի եւ հոգաբարձութեան անդամներ:

Աւետարանական յիշեալ գլուխներուն ընթերցումի պահուն, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանէն տասը աշակերտուհիներ, տասը կոյսերուն օրինակով, եկեղեցական շապիկներ հագած, առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ դասը եւ ապա ատեանը՝ իրենց ձեռքին ունենալով մոմեր, իբրեւ լապտերներու խորհրդանիշ: Երբ հասաւ փեսային գալուստը նկարագրող բաժինը, տասը կոյսերը ներկայացնող աշակերտուհիներէն հինգը, ստուգելէ ետք իրենց տրուած թղթիկները, մարեցին իրենց մոմերը, իբրեւ խորհրդանիշ առակին մէջ նկարագրուած հինգ յիմար կոյսերուն: Շիջած լապտերներ ունեցող կոյսերը կը ներկայացնեն այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին աւետարանական եւ քրիստոնէական սկզբունքներուն նկատմամբ անտարբեր գտնուելով` չեն պատրաստուիր Երկնաւոր Փեսային գալուստին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ան ընդգծեց, որ առակը հրաւէր մըն է արթնութեան ու Քրիստոսի համար միշտ պատրաստ ըլլալու։ Սրբազան Հայրը թելադրեց, որ մեր հոգիի լապտերները իրենց ձէթով պատրաստ պահենք, մասնակցելու Քրիստոսի պատրաստած խնճոյքին, եւ աւելցուց. “Կան մարդիկ, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն Աստուծոյ փառքին համար, կան մարդիկ, որոնք թէեւ բարիք կը գործեն, սակայն իրենց կամքը կը կատարեն անձնական փառքի համար, եւ կան մարդիկ, որոնք Սատանային կամքը կը կատարեն, որ հոգին կը կործանէ։ Այսօրուան առակին պատգամը նաեւ այն է, որ մենք, որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ, կատարենք Աստուծոյ կամքը՝ Աստուծոյ փառքին համար, որպէսզի արժանանանք Անոր պարգեւներուն եւ Ս. Հոգւոյ շնորհքներուն”:

Ի խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց աշակերտները եւ հոգեւոր արթնութեան կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022