Հանգիստ՝ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 23 Յուլիս 2016ին:

Տ. Մեսրոպ Քահանայ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ ունի աւելի քան եօթը տասնամեակներու ծառայութեան վաստակ: Ծնած է Հալէպ, 1924ին, ուր նախնական ուսումը ստանալէ ետք, ընդունուած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց դպրեվանքը, որուն ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք, եղած է ուսուցիչ ու թերթերու աշխատակից:

Քահանայական ձեռնադրութիւն ստացած է 1961ին, Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որ տարիներ շարունակ եղած է իր ծառայութեան եւ հոգեւոր առաքելութեան գլխաւոր դաշտը: Հետեւած է համալսարանական բարձրագոյն ուսման, 1972ին ստացած է Մագիստրոսի, իսկ 1976ին՝ Տոքթորայի տիտղոսներ՝ հովուական աստուածաբանութեան մէջ: Եղած է դասախօս, աշխատակցած է Ամերիկայի Ձայն ռատիոկայանին, ներկայացնելով պատմական, կրօնական-եկեղեցական, բարոյական եւ ընկերային հարցեր: Լոյս ընծայած է բանաստեղծութիւններու եւ քրիստոնէական հոգեւոր խորհրդածութիւններու հատորներ:

Հանգստեան կոչուած է 1998ին, ապա տեղափոխուած Լոս Անճելըս, միանալու հարազատներուն: Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ եւս շարունակած է իր ծառայութիւնները, պատարագելով մեր եկեղեցիներուն մէջ ու Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով՝ այցելելով Եութայի, Քոլորատոյի եւ Աթլանթայի մեր գաղութները:

Վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 29 Յուլիսին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, նախագահութեամբ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ապա թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորէսթ Լոն գերեզմանատան մէջ։ Նշենք որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիաս մեկնած էր անցեալ շաբաթ։

Նկատի առնելով որ քաղաքէն կը բացակայէր, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ ցաւակցագիր մը յղած էր, որուն մէջ կը դրուատէր Տէր Հօր բազմամեայ վաստակը, նշելով՝ «Տ. Մեսրոպ Աւ. Քահանայ իր կեանքը կերտեց իբրեւ ուխտապահ՝ քրիստոնէական հաւատքի ու հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներու: …Ոչ միայն բարձրացաւ ուսման ու գիտելիքներու աստիճաններէն վեր, այլ մարմնաւորեց արժանաւոր հայ դաստիարակի առաքելութիւնը, նախ՝ իբրեւ ուսուցիչ, ապա նաեւ իբրեւ քահանայ եւ հոգեւոր հովիւ: Մնաց պրպտող միտք, անմնացորդ նուիրաբերող եւ մանաւանդ աստուածավախ ու հայութեան արժէքներու դրօշակիր, հաւատարիմ մնալով կոչումին թելադրած համեստութեան, ցկեանս պահպանելով մեր եկեղեցւոյ կարգերուն նկատմամբ յարգանքն ու Ս. Աթոռոյս հաւատարմութիւնը, եղաւ ու մնաց մշակ առանց ամօթոյ»:

Այս տխուր առիթով, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդներ՝ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանն ու Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասն ու  ժողովականութեան անդամներ, ցաւակցութիւն կը յայտնեն վախճանեալ Տէր Հօր ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն՝ երէցկին Գարմէնին, զաւակներուն՝ Վաչէին եւ Յակոբին եւ անոնց ընտանիքներուն, աղօթք բարձրացնելով, որ ամենաբարին Աստուած օրհնէ Տէր Հօր հարուստ վաստակը եւ յաւիտենական հանգիստ շնորհէ երկնային արքայութեան մէջ:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022