Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութիւնը Ուրբաթ 21 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն, ցաւով գուժեցին վախճանումը միաբանութեան երէց անդամներէն Տ.
buy singulair online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/purchase/singulair.html no prescription
Նորայր Եպս. Աշըգեանի։ Սրբազան Հօր վախճանումը խոր սուգի մատնեց Վեհափառ Հայրապետը, միաբանութեան անդամներն ու մեր բոլոր Թեմերը։
Այս տխուր առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Թեմիս մէջ ծառայող միաբան հայրերուն, հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովականութեան, ցաւակցագիր մը յղեց Նորին Ս. Օծութեան եւ իր վախճանեալ օծակից եղբօր հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնեց։
Տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կիրակի, 23 Յուլիսին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի հոգելոյս Սրբազանին յիշատակին եւ հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: