Ս. Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ամերիկայի Երեք Թեմերու Հոգեւորականաց Համագումար Նիւ Ճըրզիի Մէջ


Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Թեմերու Առաջնորդներուն նախագահութեամբ, Հոգեւորականաց միացեալ համագումարը այս տարի տեղի ունեցաւ 5էն 8 Հոկտեմբեր 2015-ին: Մինչ նախորդ տարիներուն Հոգեւորականաց Համագումարը կը կազմակերպուէր Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, այս տարուան համագումարը Թարգմանչաց տօնին շաբաթը տեղի ունեցաւ` կարենալ ապահովելու համար առաւելագոյն թիւով հոգեւորականներու մասնակցութիւնը:

Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդները` Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան (Արեւելեան Թեմ) եւ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան (Արեւմտեան Թեմ) եւ հոգեւորականաց դասերը Նիւ Ճըրզի ժամանեցին 5 Հոկտեմբերի յետ միջօրէին: Քանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան կը բացակայէր, որովետեւ հարկադրուած էր Պէյրութ ճամբորդելու հօրը մահուան առիթով: Հիւրընկալն էին Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը:

Համագումարին նշանաբանն էր «Վերանորոգեալ Յանձնառութիւն` Նահատակներու Կտակով»:

Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, յետ բացման աղօթքին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք՝ վասն հոգւոցն Բարձր. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթրեանի, Բարձր. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի, Տիրամայր Մարի Չոլոյեանի, Շողիկ եւ Ռուբէն Բարիքեաններու:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին ընթերցումով: Վեհափառ Հայրապետը կ’անդրադառնար Ցեղասպանպութեան 100ամեակին առիթով տեղի ունեցած պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն, որոնք համախմբեցին հայութեան ձայնն ու կեցուածքը, կանգ կ’առնէր մասնաւորաբար մեր Դատի իրաւական երեսին վրայ, որուն ծիրին մէջ՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատը եւ նման միջոցառումներ, շեշտելով, որ այս ու յառաջիկայ բոլոր քայլերը կը կարօտին հայութեան միացեալ աշխատանքին:

Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւին ողջոյնի խօսքէն ետք, իրենց պատգամները ուղղեցին երկու առաջնորդ Սրբազանները: Տ. Օշական Սրբազան յորդորեց երկու մտածումներու սեւեռումով. «Քննեցէք դուք ձեզ» եւ «Շատ են կանչուածները եւ քիչ են ընտրեալները», իսկ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց յանձնառու մնալու նահատակաց յիշատակին, եւ ապրելու իբրեւ Թարգմանչաց կտակին ժառանգորդներ:

Ատենապետն էր Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, ատենադպիր ընտրուեցաւ Արժ. Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեան, քարտուղարներ` Հոգշ. Տ. Սահակ Վրդ. Եմիշեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան:

Ժողովը Առաջնորդ Սրբազաններէն զեկուցումներ լսեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, նահատակներու սրբադասման եւ Վեհափառ Հայրապետին Արեւելեան թեմ այցելութեան մասին:

Համագումարը ընթացաւ պաշտամունքային արարողութիւններով եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով, զորս ներկայացուցին Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգշ. Տ. Սահակ Վրդ. Եմիշեան, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ., Պետուրեան եւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան: Դասախօսեցին Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, «1915-ի Ցեղասպանութեան Հոգեւորական նահատակները» նիւթով, Արժ. Տ. Ներսէս Աւ. Քհնյ. Մանուկեան, «Հայրապետական Աթոռի Փոխադրութեան Պատմութիւնը 301-1923» նիւթով, Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, «Հայրապետական Աթոռին փոխադրութիւնը Սիսէն Անթիլիաս» նիւթով, եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգսեան, «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը` 85 տարեկան» նիւթով:

Կլոր սեղանի նիստերուն, քննարկուեցան հովուական, դաստիարակչական եւ ծիսական հարցեր եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ: Հոգեւորականները նաեւ գործնական զօրակցութիւն յայտնեցին Սիսի Մայրավանքի վերատիրացման համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին, եւ Ս. Աթոռոյս Դպրեվանքի վերելքին: Ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի բակին մէջ անցեալ Յուլիսին կատարուած Միւռոնօրհնէքի տեսաերիզը:

7 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Սրբազան Հայրը վեր առաւ Թարգմանչաց սուրբերուն արժէքը, նաեւ անոնց կտակին այժմէականութիւնը, որոնք Աստուծոյ հոգին եւ Քրիստոսի կեանքը թարգմանեցին մեր կեանքին մէջ։

Արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, պատրաստուած՝ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը:

8 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազաններն ու հոգեւորականները այցելեցին Յովնանեան Վարժարանը, Հայ Տունը, Մէնհէթըն, 11 Սեպտեմբեր 2001ի աղէտալի դէպքին նուիրուած թանգարանը եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնավայրը:

Համագումարը իր լրումին հասաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, աղօթքի պահով եւ ընթրիքով։

9 Հոկտեմբերին, հոգեւորականները, վերանորոգուած, վերադարձան իրենց ծառայութեանց:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022