Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Վերջին Արեւագալին Ճաշկերոյթ եւ Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Դասախօսութիւն


Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2015ի առաւօտուն, հաւատացեալներու եւ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 9-րդ, 10-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտներու ներկայութեամբ։

Տարիներու աւանդութեան համաձայն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց արարողութեան, որուն աւարտին, հոգեւոր խորհրդածութեամբ մը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը: Ան յիշեցուց, որ Արեւագալի առաջին ժամերգութեան առիթով ալ եղած էր այս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ եւ նշած, որ Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը, պահեցողութեան կողքին, առիթ է վերատեսութեան ենթարկելու մեր առօրեայ կենցաղը, աղօթքով Աստուծոյ հետ հաղորդուելու, մեր սրտերն ու հոգիները իրարու բանալու, նաեւ՝ բարեգործութեան, բարին խորհելու եւ բարիք գործելու շրջան մը, որպէսզի կարենանք մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ յաջողութեան հասնիլ։ Հետեւաբար, երբ Մեծ Պահքի շրջանը կը հասնի իր աւարտին, պէտք է տեսնենք, թէ արդեօք ի՞նչ չափով կրցանք կիրարկել այդ պատուիրանները, պահ մը մենք մեզի հարց տանք. “Ո՞ւր ենք այսօր”։

Մանրամասնելով, Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ, թէ արդեօք հոգեւոր վերանորոգութեան, ինքնասրբագրութեան, ինքնաքննութեան պահուն, կրցա՞նք վեհանձնութիւնը ունենալ ներողութիւն ըսելու մէկու մը, որուն հանդէպ սխալած էինք, ինչպէս կը թելադրէ Տէրունական Աղօթքը: Բարեգործութիւն ըրի՞նք, աղօթեցի՞նք, օգնութեան կարօտ եղողին ձեռք երկարեցի՞նք կամ հոգեկան կորով տրամադրեցի՞նք ճնշուած մէկուն, կրցա՞նք ուրախութիւն ներշնչել մեր շրջապատին, որքա՞ն ծառայասէր եղանք, առանց մոռնալու ծառայել նաեւ մեր եկեղեցւոյ, վերջապէս, երախտապարտութիւն յայտնեցի՞նք Աստուծոյ, մեր ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, իրենց հոգածութեան համար: “Հետեւաբար, այս մտածումներով է որ այսօր կþաւարտենք Մեծ Պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը, ուրեմն, անգամ մը եւս մտածենք այդ բոլորին մասին եւ մեր կեանքին մէջ գործադրութեան դնենք այն ինչ որ ազնիւ է, բարի է եւ առաքինի”, շեշտեց ան:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, հոգաբարձուներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան »Տիգրանեան« սրահ, աւանդական ճաշկերոյթով հիւրասիրուելու եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը: Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի Տիկին Նէնսի Պետիրեան ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան գլխաւոր նուիրատու Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Հուրի Պէրպէրեաններուն եւ Տիկին Արփինէ Էսմէրեանին: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, իրենց զօրակցութեան համար:

Ներկաները վայելեցին արուեստագիտուհի Սօսի Մարտիրոսեան-Աւագեանի մեներգները, որոնցմէ մէկը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին:

Տէր Հայրը արտասանեց սրտի խօսք, գնահատելով ձեռնարկին կազմակերիչներն ու մասնակիցները: Ապա, ան հրաւիրեց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի հայերէնի դաստուներէն Տիկին Ազատուհի Ղազարեանը՝ դասախօսելու Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:

Տիկին Ա. Ղազարեան, սահիկներու ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ, անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան պատմական իրադարձութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան երթին:

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Տիկին Ազատուհի Ղազարեանը՝ “իր ամբողջական, ներշնչող, պատգամ փոխանցող եւ ուղղութիւն տուող” դասախօսութեան համար։ “Երբ կը խօսինք մեր նահատակներու կտակին եւ յատկապէս աւանդին մասին, ատիկա պէտք է ունենայ տարբեր մօտեցում եւ ըմբռնում։ Կտակ բառը բազմակողմանի իմաստ ունի. անիկա բարոյական խորք ունի, ազգային եւ յատկապէս մեր ներաշխարհին հետ կապուած գանձ մը եւ հարստութիւն մըն է”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին, գուրգուրալ մեր հաւատքին, ազգութեան եւ ինքնութեան վրայ, ինչ որ պիտի ուրախացնէ անոնց հոգիները:

“Երբ այսօր կը գտնուինք 100ամեակի սեմին եւ Ս. Յարութեան Տօնի նախօրեակին, կը հաւատանք, որ այնպէս՝ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, իր մահովը մահը զգետնեց եւ իր յարութեամբը մեզի կեանք շնորհեց, նոյնպէս ալ մեր նահատակները, իրենց արիւնը թափելով, նահատակուելով, մեր ազգին յարութիւն ներշնչեցին եւ մենք, իբրեւ յարուցեալ ազգի զաւակներ, պարտինք քալել յաղթանակի ճանապարհով եւ պայծառ հոգիով”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ իբրեւ հայութեան վերականգնումի ապացոյց, անդրադարձաւ նահատակներու յիշատակին աշխարհով մէկ կանգնած աւելի քան 200 յուշակոթողներուն, ինչպէս նաեւ նոր յուշակոթողներու կանգնումին, որոնց շարքին՝ Ազգային Առաջնորդարանիս Նահատակաց Յուշապատին վրայ նոր քանդակներու հաստատումը: Ան անդրադարձաւ նաեւ նահատակներու հաւաքական սրբադասումի մեր եկեղեցւոյ որոշումին, որ պիտի իրագործուի 23 Ապրիլին եւ որմէ ետք, մենք մեր նահատակներուն կորուստը պիտի չողբանք, այլ պիտի դիմենք նահատակներուն, իբրեւ սուրբերու, որպէսզի իրենք մեզի համար բարեխօս հանդիսանան առ Աստուած, որովհետեւ իրենք Աստուծոյ մօտ պիտի ըլլան, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022