Ճաշկերոյթ – Տօնախմբութիւն Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 6րդ Տարեդարձին Առթիւ


Շաբաթ 28, Փետրուար 2015ի երեկոյեան, “Signature” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 6րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ աւելի քան 300 ազգայիններու։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին թեմիս Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ գաղութիս մէջ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Ձեռնարկը սկսաւ “Մեր Հայրենիք” քայլերգով, կատարողութեամբ Տիկ. Սօսի Մարտիրոսեանի։ Օրուան հանդիսավարն էր Տիար Պաղտիկ Էքմէքճեան, որ բարի գալստեան եւ շնորհակալութեան խօսքեր արտասանելէ ետք, հրաւիրեց հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանը, որպէսզի սեղաններու օրհնութիւնը կատարէ, ինչպէս նաեւ իր սրտի խօսքը փոխանցէ։

Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր հովանաւորութիւնը շնորհած էր սոյն ձեռնարկին, եւ անձնապէս ներկայ գտնուած էր քաջալերելու եկեղեցւոյ ծխական համայնքը։ Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հոգաբարձութեան կատարած աշխատանքին վրայ, նշելով, որ ան իր կարելին կ’ընէ՝ համայնքը սեփական եկեղեցիով մը օժտելու համար. ան շեշտեց, որ այս աշխատանքին պէտք է աջակցին գաղութին բոլոր զաւակները, որովհետեւ եկեղեցին պիտի ըլլայ բոլորին հաւաքական տունը եւ ապագայ սերունդի հայապահպանման կեդրոնը:

Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը որու ընթացքին ելոյթ ունեցան »Լիլիա« պարախումբի պատանիները, որոնք 4 հայկական տոհմիկ պարերով խանդավառեցին օրուան մթնոլորտը, խլելով ներկաներու ծափերը։ Մեներգներով ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Սօսի Մարտիրոսեան։

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր օրհնութեան պատգամը փոխանցէ։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ծխական համայնքը, ողջունեց եկեղեցւոյ տարեդարձը եւ գնահատեց հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ եկեղեցւոյ յարակից մարմինները, իրենց աշխատանքին եւ ծառայութեան համար։

Սրբազան Հայրը մասնաւորաբար շեշտեց թէ 6 տարիներ առաջ, Նորթ Հոլիվուտի համայքը իր հոգեւոր տունը հաստատեց եւ այժմ պէտք է աշխատանք տանի կերտելու քարաշէն եկեղեցին, որպէսզի մենք ունենանք մեր սրբազան արարողութիւնները, մեր սեփական եկեղեցւոյ մէջ։

Սրբազան Հօր խօսքի աւարտին, կտրուեցաւ 6րդ տարեդարձի կարկանդակը։

Խանդավառուած մթնոլորտէն, ներկաները սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին, որոնցմէ գոյացած գումարը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ հիմնադրամին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022