Ծաղկազարդի Տօնը Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, Արեւմտեան մեր եկեղեցիներու շրջափակը պարուրուած էր Ծաղկազարդի տօնին գունագեղ մթնոլորտով. Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնին առիթով, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, հոգեւոր հայրերը առաջնորդեցին տօնական թափօրը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի ցնծութեամբ՝ «Ովսաննան»ներով, ձիթենիին ու արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորումը, իսկ Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս տօնին առիթով եղաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ։ Ան Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորեց թափօրը եւ օրհնեց մանուկները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ նախկին հովիւներէն Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ գոհունակութիւն յայտնելով, որ այս տօնին ցնծութիւնը կը բաժնեկցի ծխական շրջանի հաւատացեալներուն հետ եւ «Ովսաննա, Դաւիթի Որդիին։ Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով. ովսաննա ի բարձունս» խօսքով տօնին ողջոյնը փոխանցեց։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը շնորհած է Ծաղկազարդի տօնը յիշատակելու համայնքի զաւակներուն հետ միասնաբար։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Յիսուս երբ յաղթական կերպով մուտք կը գործէր Երուսաղէմ Իր արքայութեան աւետիսն ու խաղաղութիւնն էր որ կու տար մարդկութեան, մանաւանդ, որ օր մը առաջ իր բարեկամին՝ Ղազարոսի յարութիւն տուած էր եւ վերջին անգամ ըլլալով որոշած էր յաղթական մտնել Երուսաղէմ եւ տաճարը մաքրել լումայափոխներէ ու վաճառականներէ։

Հրէական զատկական տօնն էր եւ բազմահազար ուխտաւորներ Երուսաղէմ փութացած էին։ Ի տես Քրիստոսի հրաշքներուն, անոնք Ովսաննաներով վկայեցին Յիսուսի Աստուածութիւնը եւ ականատես եղան Մեսիայի գալստեան։ Սակայն Յիսուսը դիմաւորողներուն մէջ միայն զինք ընդունող բարի մարդիկ եւ անմեղ մանուկներ չկային, այլ կային նաեւ դպիրներ ու փարիսեցիներ, որոնք իր հակառակորդներն էին եւ քանի մը օրէն զԻնք խաչի մահուան պիտի դատապարտէին: Յիսուս երբ Երուսաղէմ մտաւ, լաւ գիտէր, որ այդ քայլը զինք պիտի հասցնէր խաչին, սակայն կանգ չառաւ, ուղին շարունակեց որովհետեւ Իր Ս. Յարութեամբ մարդկութիւնը յուսալքումէ պիտի առաջնորդէր դէպի յոյս, տրտմութենէ դէպի ցնծութիւն, խաւարէ դէպի լոյս, մահէ դէպի կեանք։ «Երբ ժողովուրդը իր հագուստները կը փռէր Յիսուսի առջեւ, ցոյց կու տար, թէ պատրաստ է ենթարկուելու Իր կամքին եւ յանձնուելու Իրեն։ Այսօր ալ մենք հրաւիրուած ենք ընելու նոյնը, այսինքն՝ յօժարութեամբ ենթարկուելու իր կամքին, մեր սիրտին ու հոգիին դուռը բանալու Իր առջեւ, յանձն առնելու հետեւելու Իր կամքին», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը դիմաւորողներուն մէջ կային նաեւ բազմաթիւ մանուկներ. «Թող այդ մանուկներուն անմեղութիւնը բարի օրինակ ըլլայ բոլորիս, որպէսզի անոնց նման հրճուանքով դիմաւորենք Քրիստոսը. զԻնք ընդունինք մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ», շեշտեց եւ յորդորեց, վերանորոգուիլ հաւատքով եւ մանուկներու անմեղութեամբ փնտռել հրաշագործ Քրիստոսը, որպէսզի մաքուր հոգիով, միտքով ու մարմնով դիմաւորենք Օրհնեալին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը։

Ակնարկելով Դռնբացէքի արարողութեան խորհուրդին, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ անիկա կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ փրկութեան դրան բացումը, հետեւաբար՝ հրաւիրեց հաւատացեալները ուշադրութեամբ ու հոգեկան պատրաստութեամբ հետեւելու արարողութեանց, խնդրելու Աստուծմէ, որ Իր ողորմութեան առջեւ բանայ մեր սիրտերուն ու հոգիներուն դուռները, մեզ արժանի ընէ ժառանգելու երկինքի արքայութիւնը, զոր պատրաստած է մեզի համար։

Քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ օրհնեց բակին մէջ խմբուած հաւատացեալներն ու մանուկները, որոնք թափօր կազմած էին մոմեր ի ձեռին։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Վարագոյրի բացման կնքահայրն էր փոքրիկն Ճոն Քալքինզ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022