Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ նշանակուած հոգեւոր հայրեր եւ սարկաւագներ շաբաթական հերթականութեամբ այցելութիւններ կու տան Լոս Անճելըսի շրջանի բանտերը եւ հոգեւոր պատգամներով ու խրատներով կ’օգնեն հայ բանտարկեալներու, որպէսզի բանտերու մէջ իրենց կեցութեան շրջանին եւ արձակուելէն ետք ալ ունենան անխախտ հաւատք, յոյս եւ սէր ու իրենց կեանքը ապրին որպէս հայ քրիստոնեաներ։
2016 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է «Ծառայութեան Տարի». այս մօտեցումով, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, իրենց հետ ունենալով Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ սարկաւագներէն՝ Բարշ. Աւետիս Սրկ. Աբգարեանը եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ երիտասարդացի անդամներէն՝ Յակոբ Պալթայեանը, էլայժա Յակոբեանն ու Գօգօ Հելվաճեանը, Շաբաթ, 7 Մայիսին, այցելեցին Castaic-ի North County Correctional Facility բանտը հոգեւոր ծառայութիւն մատուցելու համար։
Քրիստոսի «Բանտն էի եւ ինծի այցելութեան եկաք» (Մատթ. 25:36) խօսքը իրենց ծառայութեան բնաբանը ունենալով, երիտասարդները այս այցելութեամբ առիթը ունեցան ծանօթանալու բանտի ներքին աշխարհին եւ իրենց հայ եղբայրներուն դժուարութիւններուն, լսեցին անոնց վկայութիւնները՝ բանտէն ներս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու մատուցուած հոգեւոր ծառայութիններուն ու անոնց շնորհիւ բանտարկեալներու հոգեւոր եւ աշխարհիկ կեանքի փոփոխութեանց։ Կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, Տէր Հայրը Ս. Հաղորդութիւն մատուցեց բոլորին։ Երիտասարդները բանտարկեալներուն բաժնեցին հոգեւոր գիրքեր եւ աղօթաթերթիկներ։
Աւարտին, այցելուները հիւրընկալուեցան բանտի պատասխանատուին գրասենեակին մէջ։ Բանտապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս այցելութեան մասին, վկայելով, որ Հայ Եկեղեցին երբեք մինակ չի ձգեր իր զաւակները։