Միւռոնօրհնէք Անթիլիասի Մէջ – Ուխտագնացութիւն Դէպի Լիբանան


Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, կը յայտնենք թէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն պիտի կատարէ 18 Յուլիս, 2015ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի նահատակաց հրապարակի յուշարձանին առջեւ։ Այս պատմական եւ հոգեպարար առիթով, Արեւմտեան մեր Թեմը կազմակերպած է ուխտագնացութիւն դէպի Լիբանան, Յուլիս 13-էն մինչեւ Յուլիս 23։

Երթ ու դարձ «Lufthansa» օդանաւային ընկերութեամբ։ – Մեկնում Երկուշաբթի, Յուլիս 13-ին, երեկոյեան ժամը 7։10-ին (LAX-Frankfurt-Beirut)։ – Վերադարձ՝ Յուլիս 23-ին, ժամը 12։40-ին (Beirut-Frankfurt-LAX) – Կեցութիւն՝ Eden պանդոկ (նախաճաշը ներառեալ), 10 օր – 9 գիշեր։ – Օդակայանէն եւ դէպի օդակայան փոխադրութիւն ապահովուած։

Ուխտագնացութեան պաշտօնական ծրագիրը կը ներառէ՝ ա.- Շաբաթ, Յուլիս 18-ի առաւօտուն, Թռչնոց Բոյնի մէջ Ցեղասպանութեան եւ Որբերու Թանգարանի բացում։ բ.- Շաբաթ, Յուլիս 18, 2015-ի երեկոյեան, Միւռոնօրհնէք Պիքֆայայի մէջ։ գ.- Կիրակի, Յուլիս 19-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, նոր Միւռոնով ջրօրհնէք եւ ապա միջ-եկեղեցական աղօթք յուշարձանին շուրջ։ դ.- Նոյն օրը երեկոյեան՝ մշակութային ձեռնարկ Պիքֆայայի վանքին մէջ։ ե.- Տեղի պիտի ունենան նաեւ »Շնորհալի« երգչախումբի համերգը եւ Պուրճ Համուտի մէջ նորաշէն Ազգ.
buy dapoxetine online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/dapoxetine.html no prescription

Միացեալ վարժարանի բացումը եւ այլ ձեռնարկներ։

Այլ մանրամասնութիւններ՝ – Յուլիս 18-ի եւ 19-ի օրերու նախաձեռնութիւններուն՝ փոխադրութիւն, ճաշ եւ ընթրիք ներառեալ։ Մնացեալ օրերուն՝ ազատ ժամանակացոյց։

Մասնակցութեան սակը իւրաքանչիւր անհատի համար, (single occupancy) պիտի ըլլայ $3,250 տոլար, իսկ զոյգի համար՝ (double occupancy) $5,750 տոլար:

Արձանագրութեան համար կապ պահել Ազգային Առաջնորդարան՝ Քնարին հետ, (նախընտրաբար ե-նամակով knark@westernprelacy.org կամ հեռաձայնով՝ 818-248-7737, Ext. 101)։ Արձանագրութեան ժամկէտ՝ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015։

Muron Blessing - Armenian

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022