Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Գոհաբանութեան Տօնի Ձեռնարկին


Հաւատարիմ մնալով տարիներու իր բարի աւանդութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էր գեղեցիկ ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:

Երեկոն սկսաւ սեղաններու օրհնութեամբ, զոր կատարեցին հոգեւոր հայրերը: Եղբայրակցութեան ատենապետը՝ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթելով Առաջնորդ Սրբազանին ու բոլոր ներկաներուն: Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ հիւրընկալ միութեան անդամներ, անդրադառնալով Գոհաբանութեան տօնի խորհուրդին:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Մանուկներ ու պատանիներ արտասանեցին սաղմոսներ, երգեցին շարականներ ու ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, որ կը պատկերէր Յիսուսի Մկրտութիւնը: Ներկաները եւս կատարեցին հոգեւոր երգեր ու մատուցեցին աղօթքներ:

Յանուն հիւրընկալ եկեղեցւոյ, բարեմաղթութեան խօսք արտասանեց Տ. Վիգէն Աւ. Քահանայ:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Գոհաբանութեան տօնի նշանակութեան ու իր բարիքներուն համար Աստուծոյ շնորհակալ ու երախտապարտ ըլլալու քրիստոնեային պարտականութեան վրայ, բարձր գնահատեց Եղբայրակցութիւնը, որ նման ձեռնարկներով կանգուն կը պահէ քրիստոնէական աւանդներն ու ժառանգութիւնները եւ հաւատարիմ կը մնայ Եղբայրակցութեան ուխտին։ Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւորապէս դրուատեց գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացնողները:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022