Արեւմտեան մեր Թեմի ժողովուրդն ու մասնաւորաբար Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի անդամները Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ապրեցան հազուադէպ ու հոգեպարար պահ մը, երբ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն Տէր Զօրէն բերուած աճիւններու օրհնութեան եւ խաչաձեւ ճաճանչներու օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:
Պատմական արարողութեան առիթով, Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ խմբուած էին հոգեւորականաց դասը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց, Տիկնանց Միութիւններու, Դպրաց Դասերու եւ յարակից միաւորներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը, որոնք եկած էին Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով վերստին հաղորդուելու սրբադասեալ նահատակներուն աւանդով ու վերանորոգելու անոնց զոհաբերութենէն բխող պատգամներուն հաւատարմութիւնը:
Արարողութիւնը սկսաւ ժամը 7ին. Առաջնորդ Սրբազանը, շրջապատուած հոգեւորականաց դասու անդամներով եւ սարկաւագներով, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ ու հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Թափօրին մաս կը կազմէր բարերար Տիար Օսկօ Կիրակոսեան, որ իր ազնիւ տիկնոջ՝ Երանի հետ յանձն առած է ճաճանչաւոր խաչերուն հովանաւորութիւնը:
Արարողութիւնը ընթացք առաւ աղօթքներով ու «Ուրախ լեր» շարականով: Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց նահատակաց Վկայաբանութիւնը, որ քաղուած է սրբադասութեան արարողութենէն եւ կ’ամփոփէ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական կեանքի ընթացքը, դարերու ընթացքին իր հաւատքին կառչած մնալու իրողութիւնն ու այդ ճամբուն վրայ նա՛եւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներուն կենսագործած վկայութիւնը, եւ աղօթք կը բարձրացնէ որ Աստուած ապրող հայութեան շնորհէ անոնց աւանդին հաւատարմութիւն եւ հաւատքի ու ազգային ինքնութեան պահպանութեան կամք (Վկայաբանութեան ամբողջութիւնը տեսնել առանձին):
Այնուհետեւ կատարուեցաւ Տէր Զօրէն բերուած աճիւններու օրհնութիւնը, սրտառուչ եւ ներշնչող աղօթքներով, որուն յաջորդեց նշխարներով խնկարկում եւ թափօր։ Ապա, հոգեւոր հայրերը կատարեցին 12 խաչերուն գինիով ու ջուրով լուացումը, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը, «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականին երգեցողութեամբ ու սրբալոյս միւռոնի հեղումով, կատարեց խաչանիշ ճաճանչներուն օծումը: Խաչերը ունին պահպանակներ, ուր պիտի զետեղուին մասունքները: Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ներկաներն ու բարերար ընտանիքը, ապա ուղղեց իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազանը, իր պատգամին սկզբնաւորութեան, օծման արարողութեան հետեւող աղօթքին բառերը մէջբերելով, խնդրեց. «Ո՜վ զօրութեանց Տէր Աստուած, մեր Փրկիչը Քրիստոս, արարչական Ձեռքդ, որ տարածեցիր այս նշանին վրայ, դիր եւ օրհնէ՛ այս խաչերը՝ ամբողջ հաւատացեալներու պահպանութեան համար։ (…) Օրհնէ՛ եւ յաղթանա՛կ տուր Քու փրկեալ ժողովուրդիդ, (…) Երկարէ՛, Տէր, Քու կենագործող զօրաւոր Աջդ, որ տարածեցիր այս նշանին վրայ եւ անքննելի մեծութիւնդ յայտնեցիր։ Օրհնէ՛ այս խաչերը, որպէսզի պահապան ըլլայ ամենասուրբ Երրորդութիւնդ խոստովանողներուն եւ ամուր վահան՝ մարելու համար չարին եւ մարտնչող թշնամիին արձակած մխացող նետերը»: Ապա, ան փառք տուաւ որ կարելի եղած է այս եկեղեցւոյ յարկին տակ համախմբուիլ իբրեւ անդամները մեր Թեմի մեծ ընտանիքին ու ապրելու նահատակաց աճիւններու օրհնութեան ու խաչերու օծման այս պահը, յիշեցնելով, որ երբ մեր եկեղեցին անցեալ Ապրիլ 23ին, Ս. Էջմիածինի մէջ պատմական արարողութեամբ հաւաքաբար սրբադասեց Ցեղասպանութեան նահատակները, մտածում ունեցանք, որ մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ալ զետեղուին անոնց մասնունքները պարունակող խաչեր. այսօրուան արարողութիւնը կը խորհրդանշէ անապատի աւազներէն աճիւններու Ս. Խորան բարձրացումը, որպէսզի մեր ժողովուրդը սրբացեալ նահատակներուն բարեխօսութեան դիմէ աղօթքով: Այս արարողութեան համար ընտրուած է Ս. Նահատակաց Եկեղեցին, որուն անունը արդէն կը բացատրէ ընտրութեան իմաստը: Օծուած խաչերը Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքի օրը՝ 6 Յունուարին, պիտի յանձնուին եկեղեցիներու հովիւներուն ու հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներուն, որպէսզի զետեղուին խորաններուն վրայ:
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւատքի, հայրենիքի ու ազգութեան ի խնդիր ինկած նահատակներուն սրբադասումը ինքնանպատակ քայլ չէ, այլ յանձնառութեան առիթ, որ անոնց հաւատքը, համբերութիւնն ու հնազանդութիւնը մարմնաւորուին ապրող սերունդներուն մէջ ու մենք եւս վերանորոգենք անոնց կտակին հաւատարմութեան ուխտը, ու եթէ այդ ուղին որդեգրենք, նահատակները կը վերափոխեն մեր կեանքը: Ան նշեց, որ հոգեւորականները այս հաւատքով մասնակցեցան արարողութեան, ներկաները նոյն հաւատքով հետեւեցան արարողութեան, իսկ բարերար Տէր եւ Տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան ամոլը նոյն հաւատքով նուիրաբերեց ի խնդիր այս իրագործումին: Ան օրհնեց բարերար ամոլն ու ընտանիքը, յայտարարելով, որ իշխանական նուիրատուութեամբ մը՝ ոչ միայն յանձն առած են այս խաչերուն բարերարութիւնը, այլ նաեւ կը հովանաւորեն Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կանգնելիք այն յուշակոթողին, որ պիտի կրէ Ծիծեռնակաբերդի եւ Պիքֆայայի յուշարձաններուն մանրակերտները: Այս ընտանիքը անցեալին եւս բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է Առաջնորդարանիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ սուրիահայութեան ի նպաստ. ան աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած օրհնէ Կիրակոսեան ընտանիքին նուիրաբերումն ու վարձահատոյց ըլլայ անոր:
Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որ արարողութենէն ետք, մօտենան խաչերուն եւ հաղորդակից ըլլան անոնցմով մարմնաւորուած խորհուրդին, որովհետեւ այս խաչերը օրհնուեցան եւ օծուեցան հայ եկեղեցւոյ միւռոնով. ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, 18 Յուլիսին, Անթիլիասի մէջ, իսկ 27 Սեպտեմբերին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցան սրբալոյս միւռոնի արարողութիւններ, որոնց ընթացքին, երկու կաթողիկոսութեանց միւռոնները իրարու խառնուեցան եւ վերահաստատեցին, որ մեր եկեղեցին մէկ է ու նուիրագործուած՝ նոյն միւռոնով, որ մեզի կը հասնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետէն: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը աւարտեց՝ մաղթելով, որ տօնական օրերու նախօրեակին տեղի ունեցած այս արարողութիւնը ըլլայ նախապատրաստութիւն մը Յիսուսի Ս. Ծննդեան խորհուրդներուն՝ խաղաղութեան, հաճութեան եւ խոնարհութեան մեր հոգիներուն մէջ ծննդեան:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Տիար Օսկօ Կիրակոսեանի յանձնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը, որ «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանը կը շնորհէր (2011ի հովուապետական այցելութեան առիթով): Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ ներկաներուն նուէր պիտի տրուի նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբանկարին պատկերները, որոնց հրատարակութիւնը եւս կը հովանաւորէ բարերար ամոլը:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ Տէրունական Աղօթքին եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ: