Հայաստանի ի նպաստ ուսումնասիրութիւններ եւ ծրագիրներ մշակող ԱՐՓԱ հիմնարկը Շաբաթ, 15 Յուլիսին նշեց իր հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձը, Կլենտէյլի Civic Auditorium-ին մէջ կազմակերպելով միօրեայ գիտաժողով մը եւ երեկոյեան ճաշկերոյթ-տօնախմբութիւն մը։
Գիտաժողովին ընդհանուր խորագիրն էր «Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը՝ 21-րդ դարուն. Երկար հասողութեամբ բարգաւաճման ռազմավարութիւն»։ Այս հեռանկարները պարզաբանող բազմաթիւ զեկուցումներ ներկայացուեցան եւ կատարուեցան քննարկումներ։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, համագումարին եւ տօնախմբութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Յոբելենական այս հանգրուանին առիթով ԱՐՓԱ-ին ուղղուած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կ’ողջունէր հիմնարկին վարչական խորհուրդն ու ծառայողները, մաղթելով, որ 25-ամեակի այս հանգրուանը նոր մղում տայ անոր գործունէութեան, ճամբայ բանայ նոր յաջողութիւններու եւ իրագործումներու, որոնք ի սպաս դրուին մեր մայր հայրենիքին։ Առաջնորդ Սրբազանը լուսարձակի տակ կ’առնէր ԱՐՓԱ-ի բազմաճիւղ աշխատանքը, որ կը տարածուի տնտեսական, քաղաքական գիտութեանց, առողջապահութեան, կրթական, օրէսգիտութեան, ճարտարարուեստի, արհեստագիտութեան եւ այլ բնագաւառներու վրայ։ «Այս արժանաւոր հիմնարկին նուիրեալ անդամները նախաձեռնած են եւ յաջողութեամբ կը շարունակեն իրագործումը ուշագրաւ ծրագիրներու, որոնք հաւասարապէս նպաստ կ’ապահովեն Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր եղբայրներուն, հետեւաբար, արժանի են մեր գնահատանքին եւ երախտագիտութեան», կ’եզրափակէր Առաջնորդ Սրբազանը։
Երեկոյեան յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին։ ԱՐՓԱ-ն պատուեց Զաւէն Աքեանը՝ իր բազմամեայ ծառայութիւններուն համար։